Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Կը պահանջուի Կարօ Փայլանը զրկել Թուրքիոյ քաղաքացիութենէ

Թուրքիոյ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւոր հայազգի Կարօ Փայլանին դէմ դատական հայց ներկայացուած է դատարան։ Կը պահանջուի զինք զրկել պատգամաւորութենէ եւ Թուրքիոյ քաղաքացիութենէ։ Պատճառը անոր վերջին ելոյթն է. ան «համարձակած է» խորհրդարանին մէջ «ցեղասպանութիւն» բառը գործածել, որ թուրք ժողովուրդին հասցէին վիրաւորանք որակած են։

Օրերս Կարօ Փայլան Մէճլիսին մէջ խօսած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որմէ ետք խորհրդարանական երեք կուսակցութիւններու պատգամաւորներ քննադատած էին զինք եւ ան պատժուած է արդէն խորհրդարանի երեք նիստերէ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ