Ֆրանսական «Ազգային Ճակատ» կուսակցութիւնը, որ կը ղեկավարէ Մարին Լը Փէնը, ընտրարշաւի ծախսերուն համար միջոցներ կը փնտռէ, կը յայտնէ Le Figaro։
«Մարին Լը Փէնի կուսակցութիւնը 6 մլն. եուրոյի կարիք ունի նախագահական արշաւի ծախսերուն համար, եւս 8 մլն. եուրօ ալ պէտք է խորհրդարանի ստորին պալատի ընտրութիւններու քարոզարշաւին համար», կը գրէ պարբերականը՝ վկայակոչելով կուսակցութեան հաւաստի աղբիւրներ։