Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ահազանգ. Հայրենական-Սփիւռքեան յամեցող ալիք-փոթորիկներու վրայ

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

 

Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը քառորդ դարէ ի վեր կը գոյատեւէ ու, վստահաբար, պէտք է այդ անկախ պետականութիւնը իր լինելութեան եւ յաւիտենականութեան կրողն ու պահողը դառնայ, ազգային բարձր գիտակցութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ իրատեսութեամբ։

Կը շեշտենք այս պարագան, ի տես պետական աւագանիի կարգ մը ոլորտներու եւ այրերու մօտ նշմարուող սանձարձակութիւններուն, չարաշահութիւններուն ու բռնութիւններուն, մէկ կողմէն՝ շահագործելով իրենց դիրքերն ու պաշտօնները, միւս կողմէն՝ անտեսելով հասարակութեան տարրական իրաւունքները ու կենսական կարիքները, դիմելով ամէն տեսակի բացայայտ անիրաւութիւններու, յափշտակութիւններու եւ իւրացումներու։

Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ այս դասակարգի շնորհեալ-անշնորհներ, որոնց եկամուտին գումարը գաղտնիք չէ, յանկարծ կը դառնան… միլիոնչիկներ, դղեակներու եւ ապարանքներու տէր, անսպառ հարստութիւններ կը դիզեն եւ որո՞ւ հաշուոյն, միթէ պարզ չէ՞, անտէր-անտիրականութեան մատնուած ժողովրդային զանգուածներուն։

Այսպիսիներ, անգամի մը համար, հարց տուա՞ծ են, թէ ինչո՛ւ արտագաղթը անարգել կը շարունակուի կամ ինչո՛ւ առաջքը առնուելու միջոցներու չի դիմուիր, բայց, կրնա՞յ ըլլալ անոնց համար չկա՜յ այդ մտահոգութիւնը, արգիլուած են հետապնդել այդ հարցերը, այնքան ատեն որ՝ անձնասիրութիւնը, պատեհապաշտութիւնը ու քսակն են, որոնք նախապատուական ու նախամեծարական են։

Եթէ մեր մտորումը, արագ կերպով, վերաբերուեցաւ Հայաստանի այս խաւի իրականութեան, ո՞վ ըսաւ թէ Սփիւռքը զերծ է այս գահավիժային սահանքներէն, ազգային-կուսակցական, համայնքային-եկեղեցական եւ այլ մարզերու մէջ նշմարուող նոյնքան ձախաւերութիւններէն, արկածախնդրութիւններէն ու խաղքութիւններէն։

Աչք պէտք է տեսնելու, ականջ պէտք է լսելու, քիթ պէտք է հոտուըտալու, թէ մեր չորսդին ինչե՜ր կը պատահին եւ ո՜ւր կ՚առաջնորդեն Սփիւռքը, իր զանազան ճիւղաւորումներով ու տարբեր շերտաւորումներով։

Միջակութիւններ կը վխտան ամենուրէք։

Միջակութիւններ կը թառին ամէն ճիւղի վրայ։

Միջակութիւններ կը գրաւեն զանազան աթոռներ։

Միջակութիւններ կը դեգերին ամէն տեղ։

Միջակութիւններ կը յաւակնին ըլլալ գաճաճ-մեծեր։

Արդի՞ւնքը այս քաոսին։

Համայնապատկերը՝ փանորամայի տեսքով, մեր առջեւն է, թափանցիկ է, երկու ճակատներու վրայ՝ հայրենական թէ սփիւռքեան, բայց, «խարխլած» այդ գնացքը ուղղող կամ նորոգող չկայ, այլ՝ կան զայն խրող ու տիղմող յատուկ «ջոկատ»ներ։

Իսկ ամէն ոք կը գեղգեղէ Հայաստան-Սփիւռք կապերէն, կը բարբառէ զանոնք ամրացնելէն, բայց, հարց տալ պէտք է, թէ ի՞նչ գնով – հայրենի՞քը պարպելով եւ Սփի՞ւռքը ամլացնելով։

Հայրենական ու Սփիւռքեան կողմեր, լրջօրէ՛ն եւ առարկայօրէ՛ն, պահիկ մը մտածա՞ծ են, թէ ինչո՛ւ սփիւռքահայութեան հպատակութիւն (կամ քաղաքացիութիւն) կը բաշխուի, իսկ այս վերջինը ինչո՛ւ այդ հեւքին մէջ կը ծփայ։

Եթէ չեն մտածած, աններելի յանցագործութիւն է, իսկ եթէ մտածած են եւ չեն անդրադարձած երկու կողմերուն հետեւանքներուն, կրկնակիօրէն աններելի է։

Հայրենի իշխանութիւններուն ծանօթ չէ՞, որ սփիւռքահայերու մեծամասնութիւնը ՀԱՇՈՒԵՆԿԱՏՕՐԷՆ կը դիմէ այդ քայլին, միաժամանակ հայրենական բազմաթիւ պարտաւորութիւններէ խուսափելով (օրինակ՝ արու զաւակները չարձանագրելով), իսկ սփիւռքահայեր կը ժպրհին յայտարարելու (կամ փսփսալու), թէ ատոր կ՚ուզեն տիրանալ, որպէսզի այլ երկիրներ այցելելու կարելիութիւն ունենան (առանց վիզայի), երբ Հայաստան իսկ չեն այցելած (ոչ ալ կ՚երթան) բայց, եթէ, ինչպէս որ կը ձաբռտեն, «Տաէշ»ը, օր մը, յարձակի, օրինակի համար, Լիբանանի վրայ, շունչերնին կ՚առնեն Հայաստանի եւ ոչ թէ… Արցախեան ճակատ։

Հայրենասիրութեան ի՜նչ չափանիշներ։

Հայրենասիրական ի՜նչ մօտեցումներ։

Հայաստանասիրական ի՜նչ արժեւորումներ։

Հայասիրութեան ի՜նչ զգացումներ։

Ո՛չ մէկ կասկած, հայրենիքէն ստացուած որեւէ գնահատագիր կամ շքանշան, գերագոյն պատիւ մըն է սփիւռքահայուն համար։

Նոյն սկզբունքով, հայրենական քաղաքացիութիւն ունենալը նոյնքան գերադասելի պարգեւատրում մըն է։

Սակայն, այն ինչի որ ականջալուր կ՚ըլլանք, այն ինչի որ ականատես կ՚ըլլանք, այդ վեհութիւններէն ու առաքինութիւններէն ի՞նչ կը ձգեն (կամ կը յուշեն), բացի խժալուր արձագանգներէն ու ծամածուռ պատկերներէն, անշուշտ, միշտ անջատելով յարգելիութիւններն ու բացառութիւնները։

Այս առիթով, կ՚արժէ ծանօթանալ հետեւեալ տեղեկութեան, որ բաւականին խօսուն է իր քաղաքացիական-քաղաքական բովանդակութեամբ։

Լիբանանեան դրամատուներ, իրենց մօտ հաշիւ պահող եւ ամերիկեան հպատակութիւն ունեցող լիբանանցիներէն պահանջած են (ու կը պահանջեն) ներկայանալ դրամատուն ու պաշտօնաթուղթ մը ստորագրել, թէ իրենք ամերիկեան հպատակութիւն ունի՞ն՝ թէ ոչ, իսկ անոնք որոնք նոր հաշիւ կը բանան, ստիպուած են նոյն գործընթացին եւ յայտարարութեան դիմելու։

Բնական է, այս տնօրինումը, կրնայ քաղաքական ենթահող կամ խորհրդաւորութիւն ալ ունենալ, սակայն, ըստ որոշ տուեալներու, Ամերիկան, դուրսը բնակող իր քաղաքացիներէն կը պահանջէ իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները լիուլի կատարել, այլապէս՝ անսաստողներ կրնան համապատասխան հակազդեցութիւններու ենթարկուիլ։

Կ՚անգիտանանք՝ եթէ հայրենի իշխանութիւնները նման կանխազգուշական ու տեղեկագրական միջոցներ ունին, բայց, պահ մը հաւատանք որ՝ ունին (կամ ՊԷ՛ՏՔ Է ԸՆԵՆ), արդեօք քանի՞ սփիւռքահայ հպատակատէր կը հնազանդի կամ կ‏ʼընդառաջէ այդ տնօրինումին։

Այս հարցադրումներուն պատասխանները միանշանակ չե՞ն։

Օրին, մեր հրապարակագրութիւններէն մէկուն մէջ, ստորագրած էինք յօդուած մը՝ «ՀՀ քաղաքացիութիւն՝ շնորհողի ու շնորհուողի կարգով» (7 Նոյեմբեր 2013), որ լոյս տեսած է նաեւ իմ վերջին ժողովածուիս մէջ՝ «Դիտարկումներ եւ Դատումներ» (Պէյրութ – 2016), ուր անդրադարձած էի այս ՀՐԱՏԱՊ հարցին, մատնանշելով անոր դրական ու ժխտական կողմերը, հայրենի իշխանութիւններու անհեռատեսութեան, բայց մանաւանդ, սփիւռքահայ հատուածներու շահագործման դիտանկիւնէն։

Արդի՞ւնք։

Ոչինչ փոխուեցաւ դառն իրականութենէն. ընդհակառակը, անարգել շարունակուեցան «տուր-առ»ի գործողութիւնները, բայց, որո՞ւն շահոյթ ապահովելու համար.

– Հայրենի՞ իշխանութիւններուն, որոնք այնքան ալ շահագրգռուած չեն, թէ այդ «շնորհող»ութեամբ ի՞նչ շահուած է եւ ազգային-բարոյական ի՞նչ շօշափելիութիւն արձանագրուած է, երբ «ներգաղթող» չկայ, իսկ «արտագաղթող»՝ անհաշուելի։

– Սփիւռքի՞ հատուածներուն, որոնք կլանուած են, թէ ինչպէ՞ս կրնան ձեռք ձգել հայաստանեան հպատակութիւն, միշտ «թուրիստ»ական կարգով, բայց, ոչ հայրենական-քաղաքացիական պարտաւորութիւններով։

***

Ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմը ինչե՜ր բացայայտեց, պարզաբանեց, լուսաբանեց ու մերկացուց, ի դիմաց հայրենի իշխանութիւններուն ռազմագործիքային տկարութիւններուն եւ անպիտանելիութիւններուն, նաեւ սփիւռքահայութեան անճարական ու հանդիսատեսական դիրքորոշումներուն։

Երկու պարագաներուն ալ, պատկերը, իրօք, տխուր չէ՞, երբ քաջարի բանակայիններ կը մարտնչին ու կը պայքարին, կը պաշտպանեն ու կը հակազդեն ազերիական ոտնձգութիւններուն, «համեստ» ռազմազէնքերով, մինչ սփիւռքահայ կողմեր, խիստ հաւկուրութեամբ, զգացական հայրենասիրութեամբ եւ երազատեսութեամբ, տակաւին չեն ուզեր հասկնալ տիրող կացութեան ահաւորութիւնը։

Այս բոլորը ոչ միայն կը նշանակեն, այլեւ՝ կը հաստատեն, որ հիւանդկախ վիճակ մը կը բոլորէ հայ ժողովուրդը, ի սփիւռս եւ Հայաստան, իր համաբնոյթ մարտահրաւէրներով ու մարտաթուղթերով, որոնք չեն կրնար յաղթահարուիլ կամ դիմագրաւուիլ, եթէ հայրենի իշխանութիւնները պիտի շարունակեն անտեսել հայրենի ժողովուրդին տարրական իրաւունքները եւ գերադասեն իրենց անձնական շահերը հաւաքականէն, իսկ սփիւռքահայութիւնը չվերականգնէ ու չվերանորոգէ իր ուժերը, վանելով միջակութիւններն ու պատեհապաշտները, առաւելագոյն տեղ տալով հայ երիտասարդութեան, զօրավիգ կանգնելով անոր հզօրացման ու հասունացման կարելիութիւններուն։

Եթէ պիտի չանդրադառնանք այս համազգային աղէտներուն եւ անոնց պատճառած աւերներուն, այլեւ՝ պիտի շարունակենք գերին մնալ պարտուողական տրամադրութիւններուն, կը նշանակէ թէ գերին պիտի մնանք անձնապատկանական… կապանքներուն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ