Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռաքէլ Տինք. «Եկէ՛ք, այս երկրի աղաւնիի դողդոջը վերացնենք»

Մեծ հայրենասէր, մարդասէր եւ ժողովրդավարութեան ջատագով, լրագրող եւ հրապարակախօս Հրանդ Տինքի սպանութեան օրէն տասը տարի անցած է։ Այդ առիթով յիշատակի արարողութիւններ տեղի ունեցան սպանութեան վայրին մօտ՝ «Ակօս»ի նախկին գրասենեակին դիմաց, Իսթանպուլի մէջ։ Ներկայ էին հազարաւոր սգակիրներ, ուր տուտուկի երաժշտութեան տակ անոնք վանկարկած են «Մարդասպան պետութիւնը պատասխան պէտք է տայ», «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք», «Ի հեճուկս ֆաշիզմի, եղբայրս ես, Հրա՛նդ»։

Այսօր Հրանդը չկայ, սակայն անոր ցանած սերմերը ծիլ կու տան Թուրքիոյ մէջ արդէն տասը տարի։ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ճշմարտութեան մասին անոր խօսքը, թուրք ժողովուրդին հետ շփուելու անոր յաջողութիւնը ցնցում յառաջացուցած էին Թուրքիոյ մէջ, որուն արդիւնքը եղաւ անոր անմահութիւնը։

Կը ներկայացնենք Հրանդ Տինքի տիկնոջ՝ Ռաքէլ Տինքի ելոյթը, արտասանուած սպանութեան տասներորդ տարելիցին առիթով։

«Նոր Օր»

Հրանդ Տինքի սպանութեան տասներորդ տարելիցին, Ռաքէլ Տինքի արտասանած խօսքը 

Տասը տարի: Ըսելը դիւրին է: Ճիշդ տասը տարի: Առանց քեզ բնաւ դիւրին չէր: Առանց քեզ ըլլալ, սիրելիիդ մօտ չըլլալը, մանաւանդ նենգ ծրագիրով մը ինձմէ առնուիլը աւելի ցաւ կը պատճառէ, աւելի վիշտ ու թախիծով լեցուն է:

Հիմա ես ի՞նչ ըսեմ անոնց, որոնք քսան տարի է, երեսուն, քառասուն տարի է ի վեր այս ցաւը կը տանին: Ի՞նչ ըսեմ անոնց, որոնց զաւակը սպաննուած է:

Տասը տարուան մէջ սորվեցայ թէ ինչպէս արցունքներս կը թրջեն ոսկորներս, թէ որքան աղի են: Մեծ համբերութեամբ սորվեցայ թէ ինչպէս ատելութեան եւ զայրոյթի դէմ կարելի է պայքարիլ: Երբ քու չգոյութեանդ մասին մտածեմ, կարծես կրակ մը մարմինս կ՚այրէ ու կ՚այրէ, կարծես եթէ մաշկս վերցնեմ, տակէն կրակ պիտի ժայթքի:

Տասը տարուան ընթացքին ինչե՜ր-ինչե՜ր պատահեցան: Ա՜հ սիրելիս: Մալաթիայի կոտորածը, Իսկենտերուն, Սեւակ Պալըքճը, Ռոպոսքի, Կեզիի դէպքերը, Սուրուջ, Տիարպեքիր, Սուր, Մարտին, Նուսայպին, Ճիզիր, Շըրնաք, Թահիր Էլչի, Անքարա, Յուլիս 15, Մաչքա, Իզմիր, Այնթապ, Օրթագիւղ, Օդակայան, Միջին Արեւելքի պատերազմ: Գործողութիւններ, ահաբեկչութիւն, եւ տակաւին ինչե՜ր… Երկիրը արեան լճակի վերածուած է: Ոմանք ցանկացան լոգնալ մարդու արեան մէջ: Երկիրը մղձաւանջի մը մէջ է: Մարդիկ սկսան վախնալ, շնչահեղձ ըլլալ: Անձնաւորութիւններ ոտքի տակ առնուեցան: Արժանապատուութիւնը ոտնակոխ եղաւ, արհամարհուեցաւ:

Կարծես մայրեր իրենց զաւակները ծնած ըլլան հողին յանձնելու համար: Կը խրախուսեն ծնելիութիւնը, բայց ոչ ոք կը մտածէ ծնունդներուն կեանքի իրաւունքը պաշտպանելու մասին: Ամէն օր եւ ամէն գիշեր գործուած այլ ոճիրները, աշխատանքի ոճիրները, կանանց դէմ ոճիրները չեն նկատուիր որպէս քաղաքական ոճիր: Ոչ ոք պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ:

Ահաբեկչութեան ուժի եւ ուժին ահաբեկչութեան միջեւ դարձեալ ժողովուրդն է տուժողը: Որու ինչին ինչ ըսած ըլլալը չի փոխեր մեր գլխուն եկած արհաւիրքը: Այն պետութիւնները, որ կ’ըսեն թէ ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարին, իրենց պատճառած ահաբեկչութեամբ կը նոյնանան ահաբեկիչներուն հետ: Օր մը այս պետութիւնը ԱՄ Նահանգներն են Ապու Ղուրէյպի մէջ, ուրիշ օր մը Ռուսիան Հալէպի մէջ, օր մըն ալ հարաւ-արեւելքի մէջ Թուրքիան, այլ օր մը Սուրիան ընդդիմադիրներուն դէմ… Օր մը հիւսիսէն փչող քամին կը հնձէ մահուան դաշտը, ուրիշ օր մը հարաւէն փչողը… Իսկ անիծեալ հունձքը քաղողը դարձեալ մենք են, դարձեալ ժողովուրդս… Մեր ծովափերուն երեխաներու դիակներ կը բարձրանան… Կա՞յ ասկէ աւելին:

Ո՛վ երկինք եւ երկիր… Ո՛վ լեռներ եւ ծովեր… Վե՛ր կացէք եւ վկայ կեցէ՛ք: Այս հողերուն վրայ թափուած արիւնին դո՛ւք վկայ եղէք: Քանի որ մարդիկը լռեցին, լռեցուեցան: Մեռաւ, սպաննուեցաւ: Սգալու կարողութիւնն իսկ հատած է: Բռնատիրութիւնը եւ մարդասպանութիւնը անցած են բոլոր սահմանները: Խելքերը կեցած են, խելացիները ոչնչացուեցան:

Ելէ՛ք լեռներ ու ծովեր, երկինք եւ երկիր… Դո՛ւք եղէք վկան: Պատմութեան եւ այսօրին դո՛ւք վկայեցէք: Մեղքերու ծանրութեան, ոճիրներու բազմազանութեան, կեանքերու շիջումին դո՛ւք վկայ եղէք: Սատանայի անվերջ խաղերուն, սուտերուն, անվերջ յոխորտանքին եւ անպատկառութեան դուք վկա՛յ եղէք: Արդարութիւնը բեկողներուն, այս վաղեմի հողերուն վրայ ապրուած զզուելիութեան դուք վկա՛յ եղէք:

10 տարուան ընթացքին ինչե՜ր-ինչե՜ր պատահեցան: Մեր դիմաց դրին դատավարութեան մը գործընթացը: Դատարաններ մտանք ելանք: Մեր վրան խնդացին, մեզ ծաղրեցին, «կամ կը սիրես, կամ կը լքես» ըսին: Նախ ըսին «ոճիրին մէջ կազմակերպութիւն մը չկայ», յետոյ Գերագոյն Ատեանը ըսաւ «կազմակերպութիւն կայ, սակայն սահմանափակուած է քանի մը ազգայնական երիտասարդներով»: Ապա եկաւ օրը, ոճիրը գործած, վրան ծածկած, ասկէ օգտուիլ փորձած պետութեան մէջի խմբաւորումները իրար ինկան… Մի քանի ազգայնական երիտասարդէն բաղկացած կազմակերպութիւնը գնաց, տեղը ՖԷԹՕ-ն եկաւ: Ատեն մը ձեւացուցին թէ Էրկենեքօնն է, սակայն մեր դատին միայն քովէն անցան: Պետութիւնը ամէն անգամ դէպքի վայրը իր պոչը կը ձգէ, եւ «ահա՛ սատանան» կ’ըսէ: Ոչ սուտ է, ոչ իրաւ: Սատանային ետեւէն երթալու փոխարէն, սատանային շապիկին հետ խաղալէն ե՞րբ պիտի յոգնինք:

10 տարի առաջ մեր հարցուցած հարցումը դարձեալ կը հարցնենք:

Թիրախ ցոյց տուողները, սպառնացողները, «Հրա՛նդ, մեր զայրոյթի թիրախն ես» ըսողները, Բանակի Հրամանատարութենէն զեկոյց հրատարակողները, ե՞րբ պիտի ներկայանան արդարութեան առջեւ:

Դէպքի վայրի արձանագրութիւնները դարձեալ կը սփռուին ամէն կողմ: Կ’ըսուի թէ 10 տարի առաջ, այս ժամերուն, այստեղ քաղաքացիներէն աւելի ռազմական ոստիկանութիւնը ներկայ էր: Սպասենք, տեսնենք, քանի տարի տեւած այս հարցաքննութիւնը ե՞րբ պիտի հասնի իր աւարտին:

Նախապէս ըսած ենք, դարձեալ պիտի ըսենք: Այս ոճրագործը յայտնի է: Այս ոճիրին իրագործողը, ըստ երեւոյթին, իր բոլոր աստիճաններով, պետութիւնն է: Ժողովուրդի խիղճը այս իրականութիւնը հասկնալու համար տասը տարուան մէջ ի յայտ եկած խայտառակութենէն զատ ուրիշ ոչ մէկ բանի կարիք ունի: Իսկ եթէ պետութիւնը չէ, ապա պետութիւնը յանցաւոր է իր մէջի այդ խաղաքարերը արտամղելով:

Սուրբ չէ պետութիւնը, մարդն է սուրբը: Կեանքն է սուրբը:

Տասը տարիէ ի վեր պետութիւնը այս երկրի սրբութիւնները կը վիրաւորէ: Ճիշդ ինչպէս որ հարիւր տարի առաջ, հարիւր տարի է ի վեր կը վիրաւորէ… Որ ազգէն ալ որ ըլլայ, որ ցեղէն ալ, որ կրօնքէն ըլլայ, այնքան ատեն որ չես սրբացներ կեանքը, այս հողերուն վրայ արժանի կեանք կարելի չէ ունենալ, սիրելիներս:

Այսօր ձեր հետ տասը տարի առաջ սպաննուած ամուսինիս ցաւը կիսել, իր դատին մասին խօսիլ, հաւատացէ՛ք շատ կը ցաւցնէ: Սակայն երկրին ժողովրդավարացման համար, ժողովուրդին համար, այս դատը եւս կարեւոր դատերէն մէկն է:

Ամուսինս, դատարաններէն աւելի, ժողովուրդին խիղճը կը կարեւորէր: Բոլոր այս մեր ապրածներուն ընդմէջէն, մեզի յանուն ապագայի միայն յուսադրիչ է ոճիրին դատապարտուիլը ժողովուրդի խղճին մէջ:

Այս դատը Թուրքիոյ ժողովրդավարացման բանալիներէն մէկն է: Եթէ անպայման բանի մը համար պիտի շահագործէք, ապա այս նպատակին համար շահագործեցէք ծայրէ ի ծայր:

Այս դատը նաեւ դատն է մեր բարեկամներուն, իրականութիւնը փնտռելու ժամանակ իրենք զիրենք բանտին մէջ գտած, խաղաղութեան եւ ազատութեան համար պայքարելու ընթացքին, իրենց ազատութիւնը առնուած, ձերբակալուած լրագրողներուն եւ երեսփոխաններուն դատն է: Աստուծմէ խնդրանքս է, որ պահ առաջ, ողջ առողջ միանան իրենց սիրելիներուն։ 

Այսօր, այս խաւար ժամանակահատուածին, «գոնէ մերինները իշխանութեան վրայ են» ըսելով սփոփանք փնտռողնե՛ր, չկարծէ՛ք թէ իշխանութեան վրայ եղողները ձեզմէ են: Ձեր բարի նպատակներով, երկիրը կառավարելու համար ուղարկուած մարդիկը, ժողովուրդի զաւակ էին, սակայն Պետական Այրեր դարձան: Շատոնց մոռցան իրենց խոստումները: Այժմ կ’ուզեն իրենց ոճիրներուն ձեզ ալ մեղսակից դարձնել: Դուք արժանի չէք այսպիսիին: Բոլորս մէկ, շատ աւելիին արժանի ենք: Եւ կը յուսամ, որ շատ աւելի լաւը պիտի յաջողինք:

Սէրը ուրիշին համար բան մը ընել է: Սիրոյ ուղիին վրայ քալելու ժամանակ ցաւ պիտի զգաք անշուշտ: Սէրը ամէնէն զօրեղ հոգեւոր պայքարն է: Սէրը չարիքին բարիքով կը պատասխանէ: Առանց սիրոյ հաւատք չկայ:

Զարդարուեցէ՛ք սիրով:

Սիրելի բարեկամներ: Ճիշդ տասը տարի է, որ ձեզի հետ միասին այստեղ ենք: Ցաւին մէջ ազգական դարձանք ըսած էինք: Մեր պատմութիւնները պատմեցինք, լսեցինք: Այդքան մըն ալ ցաւով լեցուն, վիշտով ու արցունքով լեցուն նոր պատմութիւններ գոյացան, շատցան, հազարներով, տասնեակ հազարներով…

Պարզապէս միասին ապրիլ չէ, հաւասար եւ ուրախ ապրիլն է կարեւորը: Եւ արժանապատիւ, ազատ ապրիլ… Եկէ՛ք, այս երկրի աղաւնիի դողդոջը վերացնենք: Եկէ՛ք չվիրաւորենք աղաւնիները: Ինչպէս որ իմ ջութակս կ’ըսէ՝

Եկէ՛ք նախ իրար հասկնանք…

Եկէ՛ք նախ իրարու ցաւերը յարգենք…

Եկէ՛ք նախ իրար ապրեցնենք:

(«Ակօս», Իսթանպուլ) 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ