Միայն Ուաշինկթընի մէջ հարիւր հազարաւոր ցուցարարներ փողոց իջան «Կանանց երթ»ին, նախագահ Թրամփի պաշտօնավարութեան առաջին օրը, կազմակերպութեամբ իգական սեռի ներկայացուցիչներու, բողոքելով նորընտիր նախագահին դէմ։ Ձերբակալուած է շուրջ 200 հոգի Ուաշինկթընի մէջ։ Սեւ հագուստներով եւ հիմնականին մէջ դիմակներով ցուցարարները ցոյցի եւ քայլերթի ընթացքին ջարդած են քանի մը խանութներու ցուցափեղկեր, ինքնաշարժներու պատուհաններ։
Ուաշինկթընի, Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի, Շիքակոյի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան հսկայական ցոյցեր, ուր մասնակիցներէն շատեր կը կրէին բաց վարդագոյն գլխարկներ։