Աւստրալիա. Կլէյտիս Պիրիճիքլեան՝ Նոր Հարաւային Ուէլսի վարչապետ

Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէլս նահանգի վարաչապետ Մայք Պէրտի հրաժարականէն ետք, այդ պաշտօնին նշանակուեցաւ հայուհի մը՝ Կլէյտիս Պիրիճիքլեան։

«Հաֆինկթըն Փոսթ» կը գրէ, թէ Պիրիճիքլեան 1915-ի Ցեղասպանութիւնը վերապրող աւստրալահայ ընտանիքի մը թոռնուհին է։ Անոր ծնողները հոն հաստատուած են 1960-ականներուն, իսկ Կլէյտիս ծնած է 1970-ին, Սիտնիի հիւսիսային արուարձաններէն մէկուն մէջ։

Ան անդամ է Աւստրալիոյ Ազատական կուսակցութեան եւ 2003-ին ընտրուած է նահանգային խորհրդարանի անդամ։ 2011-ին դարձած է նահանգի Փոխադրութեան նախարար։

Այս առիթով Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Կլէյտիս Պիրիճիքլեանին։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ