Այց՝ Եռաբլուր
Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Յունուար 28-ին այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն՝ հայոց բանակի կազմաւորման 25-ամեակին առիթով։
Անոնք ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղած են նախկին վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի, Զօրավար Անդրանիկի եւ Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու յուշարձաններուն։
Յետ մահու պարգեւատրումներ
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան հակառակորդին ներթափանցումի փորձերը ետ մղած զոհուած երկու զինուորներ պարգեւատրեց յետ մահու «Մարտական ծառայութիւն» մետալով։ Դէպքերը պատահած էին 2016 Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն։ Զինուորներն են՝ կրտսեր սերժանտ Սեւակ Խաչատրեան եւ շարքային Գուրգէն Այվազեան։
Հայաստան կրնայ ատրպէյճանական որեւէ թիրախ հարուածել
Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է հայկական զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Մովսէս Յակոբեանը, վստահեցնելով, որ հայկական բանակին գործողութիւնները ուղղուած են պատերազմի վերսկսումը կանխելուն։ Ան ըսած է նաեւ, որ հարկ եղած պարագային Հայաստան կրնայ Ատրպէյճանի որեւէ թիրախ հարուածել 15 մեթր ճշգրտութեամբ։
Շուրջ 200 զինուորներ պարգեւատրուեցան
Բանակին 25-ամեակին առիթով Հայաստանի նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան՝ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցոյց տուած խիզախութեան, անձնուրաց քաջութեան եւ անմնացորդ նուիրումի համար շուրջ 200 զինուորներ եւ ազատամարտիկներ պարգեւատրեց Հայաստանի բարձրագոյն պարգեւներով, շքանշաններով ու մետալներով, շնորհելով նաեւ զինուորական բարձրագոյն կոչումներ։
Գիւմրին Բանակի օրը նշեց առանց զօրահանդէսի
Հայոց բանակի օրուան առիթով Գիւմրիի մէջ զօրահանդէս տեղի չունեցաւ… եղանակին պատճառով։ Նախապէս յայտարարուած էր, որ զօրահանդէս տեղի պիտի ունենար Հայաստանի «հայրաքաղաք» Գիւմրիի «Վարդանանց» հրապարակին վրայ։
Ժիրայր Սէֆիլեանի ուղերձը
Հայոց բանակի կազմաւորման 25-ամեակին առիթով, անազատութեան մէջ գտնուող քաղաքական բանտարկեալ Ժիրայր Սէֆիլեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է հայ ժողովուրդին, ուր կարեւորած է ինքնիշխան հայկական պետութիւնը, քննադատած է օրուան իշախանութիւնները, մեծապէս արժեւորելով ազգ-բանակին դերը։
Յովիկ Աբրահամեանի եւ Սէյրան Օհանեանի մասին
Արդէն ծանօթ է, թէ ՀՀ նախկին վարչապետն ու ՀՀ նախկին պաշտպանութեան նախարարը այսօր ընդդիմադիր դաշտին մէջ են։ Այս մասին Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեան լրագրողներուն օրերս ըսած է, թէ Աբրահամեանն ու Օհանեանը «Սերժ Սարգսեանից նեղանալու իրաւունք չունեն։ Սերժ Սարգսեանը իւրաքանչիւրի վրայ իր լուման ունի դրած։ Առանց նրա իրենք էլ, ես էլ, չէինք հասնի պաշտօնի»։