Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՄՆ պատժամիջոց կը սահմանէ Իրանի դէմ

ԱՄՆ յայտարարեց, թէ Իրանի շարունակական աջակցութիւնը ահաբեկիչներու, ինչպէս նաեւ պալիսթիք հրթիռներու ծրագիրը կը սպառնան տարածաշրջանին, Ամերիկային եւ անոր դաշնակիցներուն եւ Թրամփի վարչակարգը առաջին պատժամիջոցները սահմանեց Իրան դէմ։Վերջինս քննադատեց, որ Միացեալ Նահանգներ այդպիսով կը խախտէ միջուկային համաձայնագիրին կէտերը։

Պատժամիջոցներուն մէջ կան անձերու անուններ, որոնք Իրանին կը մատակարարեն արգիլեալ հրթիռներու հետ կապուած միջոցներ։ Իրանի, Լիբանանի, Չինաստանի եւ Էմիրութիւններու քաղաքացիներ եւ ընկերութիւններ յայտնուած են այդ սեւ ցանկին վրայ։ Անոնց արգիլուած է գործունէութիւն ծաւալել ԱՄՆ-ի մէջ կամ Ամերիկայի քաղաքացիներու հետ։

Յիշեցնենք, թէ անցեալ շաբաթ նախագահ Թրամփ ըսած էր, որ Իրան «կրակի հետ կը խաղայ» եւ ինք «Օպամային չափ բարի պիտի չըլլայ անոր հանդէպ»։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ