Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ինչո՞ւ Ռուսիա ինքնավարութիւն առաջարկեց Հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտերուն համար

Ռուսական դիւանագիտութիւնը թափ կ՚առնէ Սուրիոյ մէջ։ Արդարեւ, սուրիական հարցերու  ՄԱԿ-ի բանագնաց Սթեֆան տը Միսթուրան դրուատած է ռուսական միջնորդութիւնը, «հաստատ քայլ» մը նկատելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ, Սուրիոյ նկատմամբ առնուած որոշումներուն ուղղութեամբ։ Միաժամանակ, անիկա գնահատած է Ռուսաստան-Թուրքիա-Իրան նախաձեռնութիւնը, որ կը ձգտի ապահովել անցեալ ամիս յայտարարուած հրադադարի գործադրութեան մեքենականութիւնը։ Ղազախստանի Ասթանա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած յիշեալ խորհրդակցութիւնները, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին կռուող կողմերուն միջեւ, վերջ գտած են Յունուար 24-ին։

Ռուսական դիւանագիտական յիշեալ նախաձեռնութիւնը չէ աւարտած Ասթանայի մէջ կատարուած խորհրդակցութիւններով։ Յունուար 27-ին, Դաշնակցային Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է սուրիական ընդդիմադրութեան խմբաւորումներու ղեկավարութեանց հետ, խորհրդակցելու համար Ասթանայի մէջ ներկայացուած նոր սահմանադրութեան շուրջ։ Ընդդիմադիր կողմի Սէուտական Արաբիոյ նեցուկը վայելող Բարձր Խորհուրդը եւ Ազգային Խմբակցութեան Յեղափոխական Ուժերը իրենց մասնակցութիւնը չեն բերած Մոսկուայի այս երկրորդ ժողովին։ Սուրիոյ Տեմոքրաթ Քրտական Կուսակցութիւնը, որուն ներկայութեան դէմ կեցած էր Թուրքիան, մասնակցած է Մոսկուայի այս երկրորդ ժողովին։ Մաքսիմ Սուչքով կը տեղեկացնէ, թէ նոր սահմանադրութեան ուրուագիծը կը նախատեսէ նախագահական սահմանափակումներ, իրաւասութեանց մեծամասնութիւնը փոխանցելով խորհրդարանին, ինչպէս նաեւ ընտրուելիք նորաստեղծ շրջանային խորհուրդին։ Նոր սահմանադրութեամբ, նախագահը պիտի ծառայէ 7 տարիներ, առանց վերընտրուելու կարելիութեան երկրորդ շրջանի մը համար։

Սահմանադրական նոր նախագիծը յոյժ վիճելի կրնայ դառնալ, կառավարութեան հեղինակութեան ապակեդրոնացումի ու տեղական խորհուրդներու իրաւասութեանց հետեւանքով։ Վիճաբանութեան առիթ տուած է քրտական շրջաններու ինքնավարութիւնը, որ ըստ Ռուսիոյ, երկրին դաշնակցային դրութեան իրաւախոհութենէն (compromise) կու գայ։ Նկատառելի է նաեւ քիւրտերու եւ արաբներու տրուած հաւասարազօր  իրաւասութիւններ քրտական շրջաններու մէջ։ Աւելին. նոր սահմանադրութեամբ, երկրին մէջ իւրաքանչիւր շրջան իրաւասութիւն պիտի ունենայ պաշտօնականացնելու մեծամասնութեան լեզուն,՝ պետականութեան լեզուի կողքին, երկրի օրէնքին թոյլատրած հիման վրայ։

Զարմանալի չէ որ կողմերը լուրջ հակազդեցութիւններ ունեցած են։ «Մինչեւ հիմա ամէնէն վիճելին քրտական հարցն է։ Թուրքիա, Դամասկոս եւ ընդդիմադիր արաբ ուժերը ունին իրենց  ազդագիրը (caveat) ներկայացուած ինքնավարութեանց մասին։ Նոյնիսկ քիւրտերը գոհ չեն, որովհետեւ կ՚ակնկալեն աւելին։

Ըստ Լաւրովի, իրաքեան վերջին սահմանադրութիւնը «պարտադրուած» էր, «մինչ սուրիական կողմերուն կը ներկայացուէին սահմանադրական կառավարման այս առաջարկութիւնները  առանց պարտադրանքի։ Հիմնուելով վերջին հինգ տարիներու փորձառութեանց վրայ, համոզուած ենք, որ գործնական աշխատանքի կարելի է ձեռնարկել, եթէ սեղանի վրայ դրուին մասնայատուկ առաջարկներ։ Յուսամ որ սուրիացիները պիտի ուսումնասիրեն մեր առաջարկած օրինագիծը, պատրաստուելով Ժընեւի ժողովին։ Այս վերջինը պիտի ծառայէ որպէս խթան գործնական վիճաբանութեանց՝ համաձայնութեան մը յանգելու համար, Ժընեւի հաղորդագրութեան հիման վրայ»։

Համաձայն Սուչքովի, «ծայրայեղ, անզիջող դիրքորոշումներ վերջ մը պիտի չտան քաղաքացիական պատերազմին. մինչ ներկայացուած տարազը, ներկայ պայմաններուն տակ, լաւագոյն լուծումը կրնայ նկատուիլ»։

 

Էլ-Պապը՝ ճահճատեղի

Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, թրքական բանակը կը դիմագրաւէ «նոր տեսակի քաղաքային պատերազմ» իր ճակատամարտերուն մէջ, Իսլամական Պետութեան (ISIS), ինչպէս նաեւ՝ «Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան» ու քիւրտ Ժողովրդավարական Պաշտպանութեան Միաւորներուն (YPG) դէմ, յատկապէս Էլ-Պապի քաղաքային բախումներու ընթացքին։ Իսլամական Պետութիւնը կ՚օգտագործէ փապուղիներ, հակաթանկային հրթիռներ, ռումբերով ականուած ինքնաշարժներ։ Ներկայիս, Անքարա կ՚ակնկալէ, որ այս ընթացքով, PKK-ն եւ անոր սուրիական թեւը՝ YPG-ն եւս պիտի որդեգրեն նման ռազմավարութիւն մը, նաեւ՝ լրացուցիչ, յառաջացեալ նոր միջոցառումներով։ ISIS-ի զինեալները գետնափոր դիրքերու վրայ են, ու թրքական զօրքերու գործը բարդացած է։ Միւս կողմէ, թուրք զինուորականութիւնը մտահոգուած է որ PKK-ն ու Սուրիոյ իր ազգակիցները նաեւ, երթալով կանոնաւոր բանակի կը վերածուին, յարատեւօրէն զարգացնելով իրենց զրահապատ կարողութիւնները։

 

Սուրիոյ քիւրտերը

Լրագրուհի Էմպերիմ Զամանի համաձայն, բարդ է շրջանին ռազմավարութիւնը, մանաւանդ, երբ նկատի ունենան հիւսիսային Սուրիոյ «Դաշնակցային տեմոքրաթիք սիստեմը»։ Այլ խօսքով, ատիկա խորամանկօրէն կը նշանակէ «քրտական տիրապետութիւն շրջանին վրայ»։ Ռոճովայի զօրավարները կը յայտնեն, թէ այդ տարազը նախատիպն է աշխարհիկ, հաւասարապաշտ (egalitarian), բազմացեղ ու դաշնակցային ծրագրի մը՝ միացեալ Սուրիոյ համար, նպատակ ունենալով տարիներէ իվեր տեւող արաբական տիրապետութեամբ քիւրտերը անհետացնելու համար։ Ուսումը, նման վարչակարգի մը տակ, արաբերէն լեզուով է։ Ռոճավայի քիւրտերը վերջապէս ուսում պիտի ստանան kurmanji բարբառով, որ գործածուող տեղական լեզուն է։ Իսկ սուրիացի օրթոտոքսները (սիրիաքները) կ՚ուսուցանեն իրենց բարբառով։ Քիւրտ ու սիրիաք սուրիացիները իրենց երկրորդական ուսումը պիտի շարունակեն սակայն արաբերէն լեզուով ուսումնարաններու մէջ, որոնք սուրիական կրթական նախարարութեան հետ կապուած են։ Այս վերջին դպրոցներուն (Taleyah լիսէները) վկայականները միջազգային ճանաչում ունին։

Սուրիոյ քրտական շրջանները գիտաշխատանոցներ (laboratories) դարձած են Ապտալլա Օճալանի հաւասարապաշտ գաղափարներուն։ 1978-ին, երբ Օճալան եւ իր ընկերները PKK-ն հիմնեցին, յայտնեցին թէ պիտի կռուին անկախ Քիւրտիստանի մը համար, որ պիտի համախմբէր Իրանի, Իրաքի, Սուրիոյ ու Թուրքիոյ քիւրտերը։ Ժամանակի ընթացքին, իրականութեանց դէմ յանդիման, անիկա նուազեցուց իր փառասիրութիւնները։ Ներկայիս, ան կը քարոզէ տեսակ մը հանրավարութիւն (communalism), որ կը մերժէ ցեղային ազգայնականութիւնը եւ ազգային սահմանները, ու փոխարէնը կը քաջալերէ հաւասարութիւն ու շրջապատային բարեկամութիւն։

Սուրիոյ քիւրտերը եւս բարդ յարաբերութիւն մը ունին Իրաքեան Քիւրտիստանի հետ։ Մասուտ Պարազանին, Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահը, ու Քրտական Տեմոքրաթիք Կուսակցութեան ղեկավարը, սիրուած է Ռոճավայի եւ յատկապէս Տերեքի (Հիւսիսային Իրաք) ու շրջակայքին մէջ։ Սակայն Պարազանիի բարեկամութիւնը Թուրքիոյ հետ, եւ անոր թշնամութիւնը PYD-ին դէմ, սկսած է կնճռոտել հարցերը։ Անիկա կ՚աշխատի Մ. Նահանգներու մօտ, մղելու այս վերջինս ճնշում բանեցնելու Ռոճավայի ղեկավարութեան վրայ, որպէսզի իրեն վերադարձուին մաս մը KDP-ի 3000 զինեալներէն, զորս մարզած ու զինած էր։ Նպատակը միացնել է քիւրտերը, որպէսզի DYD-ի մենատիրական ուժը իր կողմ հակի։ Ռոճավայի ղեկավարութիւնը համաձայն է, պայմանով որ զինեալները իր հրամանին տակ գտնուին, ինչ որ կարելի չէ։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Մեթին Կուրքան եւ Ամպերին Զաման

«Էլ-Մոնիթըր», 29 Յունուար 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ