Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հաղորդագրութիւն. Լոյս տեսաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հրատարակչականի գրական եւս երկու գիրք

Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան հրատարակչական ծրագիրը սկսաւ Վահան Թէքէեանի ծննդեան դարադարձի տօնակատարութեան օրերուն՝ 1978-ին Պոսթոնի մէջ։ Մօտ չորս տասնամեակներէ իվեր Ամերիկայի զոյգ ափերուն վրայ Միութիւնը զուգընթաց կը շարունակէ գրական եւ պատմագիտական հրատարակութիւններու շարքը։

Այսպէս՝ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակէն լոյս տեսած են 21 եւ Արեւելեան Ամերիկայէն՝ 18, գումար՝ 39 հատոր գրականութիւն եւ պատմագիտութիւն։ Յատուկ հոգածութեամբ եւ գրականագիտական բարեխղճութեամբ լոյս աշխարհ ընծայուած են սփիւռքահայ բազմաթիւ ականաւոր գրողներու գործերը, ինչպէս նաեւ իրենց վերջալոյսին գտնուող ականաւոր սփիւռքահայ գրողներու երկերը։ Յիշենք անունները հրատարակուած կարգ մը գործերու հեղինակներէն՝ Աւետիս Սանճեան, Ալեք Գլըճեան, Ժագ Ս. Յակոբեան, Գուրգէն Մահարի, Գերսամ Ահարոնեան, Զարեհ Մելքոնեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Անդրանիկ Լ. Փոլատեան, Տոքթ. Խաչիկ Պօղոսեան, Վահրամ Կէօքճեան, Յակոբ Ասատուրեան, Կարիկ Պասմաճեան։

Նախորդ տարուան՝ 2016-ի վախճանին, Քալիֆորնիայէն հրապարակ ելան երկու նոր հրատարակութիւններ եւս.

Ա. հատոր 40-րդը կը հանդիսանայ լոսանճելըսաբնակ սփիւռքահայ տաղանդաւոր արձակագիր Սարգիս Վահագնի պատմուածքներու շարքը վերնագրուած «Ծաղկաքաղ պատմուածքներու», 350 էջերու ծաւալին մէջ, որ ի մի կը բերէ գրողին անտիպ եւ լոյս տեսած 25 գործերը։

Բեղուն է վաստակը Սարգիս Վահագնի, որ վերջին յիսնամեակին յարգուած ներկայութիւն մնաց սփիւռքի գրական հրապարակին վրայ, հրատարակելով ինն հատորներ պատմուածքներու, թատերախաղի, վէպի եւ գրական փորձագրութիւններու։ Ուշագրաւ էր իր յայտնի վէպը՝ «Արշիլ Կորքի», համբաւաւոր նկարիչին գրականացուած կենսագրութեամբ, որ արժանացաւ Հայաստանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան գրական մրցանակին։

Բ. հատոր 41-րդը կը հանդիսանայ Ամերիկայի Նեւատա նահանգի Ռինօ քաղաքի բնակիչ Գէորգ Մ. Կարապետեանի «Սիրոյ պրիսմակ» բանաստեղծութիւններու եւ պատմուածքներու առաջին հաւաքածոն, որ կը տարածուի 176 էջերու վրայ։

Կարապետեանի գրականութիւնը ունի հոգեհարազատութիւն մը սփիւռքահայ գրական որոշ դպրոցի մը հետ, որ կը սկսի Թէքէեանով ու կը շարունակուի Վահրամ Մավեանով, Սմբատ Տէրունեանով, Զարեհ Մելքոնեանով եւ Ներսէս Թամանեանով. հոսանք՝ զոր կարելի է որակել «Մելգոնեան դպրոց», որովհետեւ այնտեղ առկայ է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան ջերմ մթնոլորտն ու հայրենասիրական եւ հայրենագիտական կնիքը։

Վերջին երկու հատորները առաւելագոյնս օգտուած են տպագրական արուեստի նորագոյն եւ շքեղագոյն զարգացումներէն. կողքի եւ ներքին էջերու գեղարուեստական ճաշակը արտակարգ կերպով գրաւիչ է։ Գիրքերուն հրատարակիչն է Yearbook Inc. ընկերակցութեան ղեկավար Մայք Նահապետ, որու ընկերութիւնը մասնագիտացած է երկրորդական վարժարաններու տարեգիրքերու արտադրութեան ճիւղին մէջ։

 

***

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հրատարակչական Մարմինը որոշած է շարունակել սփիւռքահայ գրողներու աշխատանքներուն հրատարակութիւնը, նպաստելու համար գիրքերու որակական բարելաւումին։

Կ՚արժէ շեշտել, որ վերջին տարիներուն, հոգեվարքի մէջ գտնուող արեւմտահայ լեզուն յանկարծ տագնապի մատնած է կարգ մը մտաւորական եւ ոչ մտաւորական շրջանակներ, ուրեմն, կազմակերպեալ ու անկազմակերպ պայքար մը սկսած է ի խնդիր արեւմտահայերէն լեզուի փրկութեան եւ պաշտպանութեան։

ԹՄՄ Հրատարակչական Մարմինը կու գայ գործնապէս սատարելու այդ սրտառուչ պայքարին, մակաբերելով ու ժողովրդականացնելով այն ինչ որ դեռ կը մնայ սփիւռքի մէջ իբրեւ արժանաւոր գրականութիւն։

ԹՄՄ Հրատարակչական Մարմնի կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն.

Վաչէ Սեմերճեան, Երուանդ Ազատեան եւ Յակոբ Վարդիվառեան։

Թէքէեանի Հրատարակչականի հատորները կարելի է ապահովել հետեւեալ հասցէէն.

Tekeyan Cultural Association

755 Mt. Auburn Street

Watertown, MA 02472-1509

Phone: 617-924-4455

E-mail: tcadirector@aol.com

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ