Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄ Սաթամեան Թատերախումբ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

ՀԲԸ Միութեան Գրիգոր Սաթամեան Թատերախումբի Վարչութիւնը հաճոյքն ունի ծանուցանելու գաղութիս մշակութասէր հասարակութեան, որ «Թենոր մը կ՚ուզուի» թատերախաղը պիտի երկարաձգուի, գոհացում տալու համար մեծ թիւով փափաք յայտնողներու ցանկութեան։

Յաւելեալ ՉՈՐՍ ելոյթներ տեղի պիտի ունենան նոյն վայրը, ՀԲԸ Միութեան Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնի սրահին մէջ, հետեւեալ թուականներուն.

Շաբաթ, 11 եւ Շաբաթ, 18 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին։

Կիրակի, 12 եւ Կիրակի, 19 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին։

Երեք արարներէ եւ մէկ միջնարարէ բաղկացած խիստ ծիծաղաշարժ այս կատակերգութիւնը արժանացած է ցարդ ներկայ գտնուող հասարակութեան բարձր գնահատանքին։

Դերակատարներն են, մուտքի կարգով՝ Ալիսըն Քէշիշեան, Արի Լիպարիտեան, Ռուբէն Հարմանտայեան, Ալեքս Խորշիտեան, Արփի Սամուէլեան, Փիթեր Նշան, Մարալ Նաշալեան եւ Արփի Պալապանեան։ Բեմավարն է Վիգէն Պալապանեան, իսկ բեմի յարդարման յղացումին ու շինութեան պատասխանատուն՝ Մանուկ Սաթամեան։

Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ տոմս ապահովեկու համար կարելի է հեռաձայնել Միութեան գրասենեակը՝ հետեւեալ թիւով (626) 794-7942: Տոմս կարելի է նաեւ ապահովել համացանցային հետեւեալ հասցէով՝ It’smyseat.com.

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ