Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ ո՛չ ուղղակի եւ ո՛չ ալ քաղաքական կամ ընտրական դաշինքներու միջոցաւ պիտի մասնակցի յառաջիկայ Ապրիլ 2017-ի Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական

Ներկայացնելու համար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան դիրքորոշումը յառաջիկայ Ապրիլին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ, մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, Երեքշաբթի օր,  Փետրուար 7-ին, Երեւանի Թէքէեան կեդրոնին մէջ։ Ստորեւ մամլոյ ասուլիսին հնչած յայտարարութիւնը եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը։

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (ՌԱԿ), հայկական աւանդական 3 կուսակցութիւններէն մին է, որ հիմնուած է 1921 թուականին` գաղափարակից շարք մը կուսակցութիւններու միաւորումով։ Ան շարունակութիւնն է Մ. Փորթուգալեանի հիմնած Արմենական կազմակերպութիւն կուսակցութեան, որ հիմնուած էր 1885-ին, Վան քաղաքի մէջ։

1921-ի իր հիմնադրութենէն ի վեր՝ ՌԱԿ-ը իր ազդու ներկայութիւնը ունեցած է Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղթօճախի մէջ, հայկական միւս երկու կուսակցութիւններուն նման՝ Ցեղասպանութենէն ետք աշխարհացրիւ եղած հայ ժողովուրդին քաղաքական միտքը զարգացնելու եւ գաղութները կազմակերպելու աշխատանքը կազմակերպելով:

Այսպէս, 95 տարի շարունակ միշտ պատնէշի վրայ եղած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը շարունակած է իր ազգանուէր գործունէութիւնը, միշտ կանգնելով հայրենի պետականութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողքին:

ՌԱԿ անզուգական կամուրջ մը եղած է Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութեան մէջ՝ գործակցելով նոյնիսկ գաղափարականօրէն հակասական Սովետական Հայաստանի պետութեան հետ, միշտ որդեգրելով այն սկզբունքը, որ հայրենիքը վեր է ամէն վարչակարգէ եւ ան մնայուն է՝ մինչ իշխանութիւնները կու գան ու կ՚երթան:

Հայրենիքի անկախացումէն ետք, ՌԱԿ-ը իր ներկայութիւնը ունեցած է Հայաստանի մէջ, ըլլալով միշտ պետականութեան կողքին, շարունակելով իր կամրջումի դերը, տանելով օգտաշատ աշխատանք իր սփիւռքահայ եւ հայրենի անդամներով:

Վերջին տարիներուն (2012-ին), յարմարելով հայրենիքի կուսակցութիւններու օրէնքին եւ բարեացակամ մօտեցումով աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան՝ հայրենիքի մէջ վերակազմուած է կառոյց մը ՌԱԿ-ի անունով, որուն ազնուօրէն տրամադրուած է Կուսակցութեան տասնամեակներու դրօշն ու զինանշանը:

Վերջերս, սակայն, եւ դժբախտաբար, նշեալ կառոյցը՝ շեղելով իր բարոյական կապէն աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ին հետ եւ գործակցելով Սփիւռքի քանի մը ընդդիմադիր, անհանգամանք ընկերներու հետ (որոնք երկու տարի առաջ վատաբար կրցած էին ծախել Լոս Անճելըսի կուսակցապատկան Թէքէեան Մշակութային Միութեան դպրոցը), կը փորձէ իւրացնել ՌԱԿ-ի անունը, դրօշն ու զինանշանը, այս պառակտիչ աշխատանքը ֆինանսաւորելով հայ վարժարանի մը վաճառքէն գոյացած գումարով:

Չբաւարարուելով այսքանով, այդ կառոյցը այսօր կը համարձակի խօսիլ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի անունով՝ ներկայանալով իբրեւ 95-ամեայ ՌԱԿ՝ փորձելով մասնակից դառնալ յառաջիկայ Ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ մաս կազմելով ընտրական դաշինքի մը:

Ի տես այս զարտուղի փորձին, 95-ամեայ ՌԱԿ-ի աւանդական ղեկավարութեան շառաւիղը հանդիսացող Կեդրոնական Վարչութիւնս (որ ընտրուած էր Երեւանի մէջ գումարուած ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին) 4 Փետրուար 2017-ին հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը (տեսնել առանձին …….)։

***

Ի լուր այս պաշտօնական հաղորդագրութեան եւ շարունակելով կեղծիքը, նաեւ փորձ մը ընելով խաբելու հանրային կարծիքն ու ընտրական դաշինքի մը ղեկավարութիւնը, նոյն խմբակը՝ Սփիւռքի իր մեղսակիցներուն դիմելով, նամակ մը յղած է յարգելի պարոն Գագիկ Ծառուկեանին, շինծու եւ յերիւրածոյ մարմինի մը անունով, իբր թէ ներկայացնելով աշխարհատարած ՌԱԿ-ը:

Այս նամակը, բնականաբար, ընդվզում յառաջացուց աշխարհասփիւռ մեր կառոյցներուն մօտ, որոնց  ղեկավարութիւնները անցնող օրերուն հրապարակեցին յայտարարութիւններ, որոնք յատուկ ծրարով մը ձեր տրամադրութեան տակ կը դնենք այսօր:

Այսօրուան մեր ասուլիսին նպատակն է լուսաբանել հանրութիւնը, որ կայ մէկ ու միակ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, որ ունի մէկ Կեդրոնական Վարչութիւն, որուն համեստ ներկայացուցիչներն ենք այստեղ ու կ՚արտայայտուինք անոր անունով:

Մեր այսօրուան ասուլիսը ուղղուած չէ ոեւէ անձի կամ դաշինքի դէմ: Մենք ուրախ ենք, որ պարոն Ծառուկեան անդրադարձած է արդէն կատարուածին՝ մերժելով իր դաշինքին մէջ ընդգրկել աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ը ոչ մէկ ձեւով ներկայացնող արկածախնդիր խմբակ մը, որ կը միտի պառակտել 95-ամեայ ՌԱԿ-ը:

Վերջապէս, ջատագովելով հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական ամէն միջոցառում, կը մնայ շեշտել, թէ ՌԱԿ-ը առ այժմ քաղաքական կառոյց մը չունի հայրենիքի մէջ, ան ո՛չ ուղղակի եւ ո՛չ ալ քաղաքական կամ ընտրական դաշինքներու միջոցաւ պիտի մասնակցի յառաջիկայ Ապրիլ 2017-ի  խորհրդարանական ընտրութիւններուն  եւ այդ ուղղութեամբ առաջադրուած թեկնածուներ չունի բնականաբար:

ՌԱԿ պիտի շարունակէ զօրավիգ մնալ հայրենի պետականութեան՝ իր ամբողջ կարելիութիւնները դնելով ի սպաս հայրենիքի  զարգացման ու գոյատեւումին:

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը: Կեցցէ՛ հայրենիքը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ