Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը հրաւիրեց միջ-դպրոցական ճարտասանական մրցոյթ

Արի Էքմէքճեան եւ Արմանդ Մնացականեան՝ յաղթական

 

Իր տեսակին մէջ աննախընթաց մրցոյթ մըն էր Փետրուար 4-ին, Փասատինայի «Ամերիքըն Լիճըն» պատմական շէնքի սրահին մէջ տեղի ունեցած Հարաւային Քալիֆորնիոյ բարձրագոյն (երկրորդական) հինգ հայկական վարժարաններու տասը աշակերտներու միջեւ տեղի ունեցած ճարտասանութեան մրցումը՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, հինգ հայկական վարժարաններէն հրաւիրելով մէկական ներկայացուցիչներ։

Նշենք, թէ ներկայիս Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ կը գործեն հայկական հինգ վարժարաններ, որոնք ունին 9-12րդ դասարաններ։ Անոնք են՝  ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան, ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան, Ազգային Ֆերահեան, Ազգային Փիլիպոս եւ Ազգային Մեսրոպեան վարժարանները։

Կազմակերպիչները արհեստավարժ մօտեցումով ծրագրած էին մրցոյթը։ Իւրաքանչիւրը նախապէս պատրաստած էր իր խօեսլիքը, եւ 2-4 վայրկեաններու մէջ պէտք է ներկայացնէր։ Հայերէնի եւ անգլերէնի համար նշանակուած էին դատական տարբեր կազմեր։ Ցերեկոյթին ներկայ էին Հայ Կրթական Հիմնարկութեան պատասխանատուներ, ծնողներ, ուսուցիչներ, բարեկամներ։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ընտրելով մէկական յաղթողներ, որոնք տիրացան հազարական տոլարի պարգեւին։ Խրախուսական նիւթական մրցանակներու արժանացան նաեւ բոլոր մասնակիցները։ Արժանիօրէն յաղթողներ դարձան, հայերէնով՝ Արի Էքմէքճեան (Վ. եւ Թ. Մանուկեան վարժարան) եւ անգլերէնով՝ Արմանդ Մնացականեան (Ֆերահեան վարժարան)։

Կը շնորհաւորենք բոլոր մասնակիցները, որոնք զարմացուցին դատական կազմը իրենց պատրաստուածութեամբ. կը շնորհաւորենք կազմակերպիչները, որոնք նորութիւն մը բերին հայ համայնքի կեանքին մէջ. կը շնորհաւորենք մրցանակակիրները, անոնց ծնողներն ու ուսուցիչները՝ Օրդ. Լորա Գույումճեանը եւ եւ Ժասմին Ռոսթամեանը, ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակիցները։

Օրուան հանդիսավարն էր Դոկտ. Ալիս Պետրոսեան։ Դատական կազմ. հայերէն՝ Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան եւ Պրն. Զարեհ Սինանեան. անգլերէն՝ Վիվիան Էքչեան, Արտի Քասախեան եւ Սոնա Մովսէսեան։

Հ.Ս.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ