Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Զինուորը Նամակ Ունի Լոս Անճելըսէն

Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանի 9-12 տարեկան աշակերտները նամակներ գրեցին Արցախի մէջ ծառայող սահմանապահ զինուորներուն: Նամակներուն մէջ պատանիները շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց «մեծ եղբայրներուն»՝ անոնց քաջ ծառայութեան համար, պատմեցին, թէ ի’նչ խանդավառութեամբ եւ հպարտութեամբ տօնած էին Բանակի օրը եւ աղօթած՝ անոնց առողջութեան համար: Վերջաւորութեան աշակերտները զինուորներուն մաղթեցին ուժ եւ խաղաղ տուն վերադարձ:

Նամակները ՀՀ-ի Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանի միջոցով մօտ օրէն ճամբայ կ’ելլեն դէպի Արցախ եւ կը հասնին զօրամասեր:

Նշենք, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը, հայրենիքի հետ սրտակից, 28 Յունուար Շաբաթ օր տօնած էր Բանակի Օրը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ