Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

«Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան՝ Արա Արծրունիին

Անթիլիաս

Կիրակի, 12 Փետրուարին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, միաբան հայրերու, գրագէտ-մտաւորականներու, բարեկամներու եւ գրասէր հանրութեան ներկայութեան, Անթիլիասի Վեհարանի դահլիճին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց երկար տարիներու վաստակ ունեցող մտաւորական, վիպագիր եւ թատերագիր Արա Արծրունին:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքի վարիչ` Ժիրայր Դանիէլեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ հայ գրականութեան անդաստանէն ներս Արա Արծրունիի ունեցած ներդրումին:

Դպրեվանքի դասախօս Կարօ Յովհաննէսեան լայնօրէն խօսեցաւ Արա Արծրունի մտաւորականին եւ գրական  վաստակին մասին:

Խօսք առած է նաեւ Արամ Ա.։  Նշենք, որ շուտով Անթիլիասի տպարանէն լոյս պիտի տեսնէ Արա Արծրունիի «Ծուէններ« վէպը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ