Բերիոյ թեմին համաձայն, ներկայ պահուն շուրջ 20,000 հայեր կ՚ապրին Հալէպի մէջ, յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Պապիկեանը, սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող յանձնախումբի հերթական նիստին։
Անոր խօսքերով, հայութեան թիւը ներկայիս հետեւեալ վիճակը կը պարզէ Սուրիոյ մէջ. Դամասկոս՝ երեք հազար, Լաթաքիա, Քեսապ, ծովափնեայ շրջաններ՝ երեքէն երեքուկէս հազար, Քամիշլի՝ երեք հազար, մնացած վայրերը՝ երեք-չորս հազար։
Նշենք, թէ մինչեւ պատերազմը, Սուրիոյ բնակչութիւնը շուրջ 24,5 միլիոն էր, իսկ հիմա՝ 17-18 միլիոն։