Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՍՈՒՐԻԱ. Կառավարական ուժերը Հալէպի պատերազմական գործողութիւններու վերջին ամսուան ընթացքին թունաւոր քիմիական նիւթեր գործածած են ընդդիմադիրներուն հսկողութեան տակ գտնուող շրաջաններուն վրայ, յայտարարեց Human Rights Watch միջազգային կազմակերպութիւնը։

ԹՈՒՐՔԻԱ. Հաղորդակցութեան նախարար Ահմէտ Արսլան Կարսի մէջ ըսած է, թէ Թուրքիա կը ցաւի, որ Հայաստանի հետ սահմանը փակ է։ Ան նշած է, որ երբ լուծուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցը եւ կարգաւորուին յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ, այդ ժամանակ կը բացուի սահմանը։ Յիշենք, թէ 1993-ին Թուրքիան միակողմանի փակեց օդային եւ ցամաքային սահմանը Հայաստանի հետ։

ԻՐԱՔ. «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խումբը առաջին անգամ ըլլալով զրահամեքենաներ օգտագործած է, հասնելով Իրաքէն դէպի սուրիական սահման։ Այս յարձակումը ետ մղուած է Իրաքի բանակին կողմէ, պատճառելով 50 ահաբեկիչի ոչնչացումը։

ՌՈՒՍԻԱ. Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Յուլիսին, Գերմանիոյ մէջ կայանալիք «Մեծ քառեակի» վեհաժողովէն առաջ դժուար թէ հանդիպին։ Ռուսիոյ նախագահին խօսնակին համաձայն, մինչեւ Յուլիս այլ պայմանաւորուածութիւն մը չկայ։

ՊԵԼԱՌՈՒՍ. Ատրպէյճանին արտայանձնուած Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի լրագրող Ալեքսանդր Լափշինին կինը դիմած է Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուին, խնդրելով միջնորդել Պաքուի իշխանութիւններուն իր ամուսինը ազատ արձակելու պահանջքով։

ՎՐԱՍՏԱՆ. Համայն վրաց պատրիարք Իլիա Բ. հաւանական է, որ թունաւորուած է դիտաւորեալ։ Ան Գերմանիոյ մէջ յաջող վիրահատութեան ենթարկուեցաւ, իսկ պատրիարքութեան երկու պատասխանատու դէմքեր ձերբակալուած են այս գծով։

ԹՈՒՐՔՄԷՆՍՏԱՆ. Նախագահ Ղուրպանկուլի Պերտիմուհամետով վերընտրուած է… 98 առ հարիւր տոկոս շահելէ ետք քուէարկութիւնը։ Թէեւ ութ թեկնածուներ կային, սակայն, ինչպէս արդիւնքը ցոյց կու տայ, անոնք ձեւական էին։ ՀՀ նախագահ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է անոր։

ՔՈՐԷԱ. Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չեն Ինի եղբայրը սպաննուած է Մալեզիոյ մէջ։ Կ՚ըսուի, թէ ան թունաւորուած է Քուալա Լումփուրի օդակայանին մէջ։ Մալեզիոյ ոստիկանութիւնը հաստատած է մահուան փաստը օդակայանին մէջ, եւ նշած է, թէ մահացողը նախագահին եղբայրն է։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ