Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Գեղանկարիչ Զոհրապի անաւարտ համանուագը

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

 

Արուեստագէտներուն  ծնունդն ու կեանքը կը վերարժեւորուին իրենց թողած իրագործումներով եւ անոնց գեղագիտական չափանիշերով: Իսկ՝ մահուան թուականներն անոնց, պարզօրէն՝ սկիզբն են ոգեղէն այն ճանապարհորդութեան, որու ընթացքին ենթական կը շարունակէ ապրիլ իր ստեղծագործական երկերով:

Արուեստագէտ-գեղանկարիչ մըն էր Զոհրապ (Գրիգոր – Զոհրապ  Քէշիշեան, ծնեալ Հալէպ՝ 1943), որուն ուսումնառութիւնը կ’անցնի տեղւոյն Մեսրոպեանէն ու ճեմարանէն: Նկարչական առաջին հրապարակային ցուցահանդէսը կը կազմակերպէ Մեսրոպեան վարժարանը՝ 1956-ին, որ կը հանդիսանայ մեկնակէտը արուեստագէտի իր կեանքին: Արուեստասէր պատանին կը փափաքէր մեկնիլ Իտալիա՝ դասական նկարչութեան ծննդավայրը, սակայն՝  երբ իր «գործնապաշտ» հօրը ընդդիմութեան կը բախի ուղեւորութեան գաղափարն իսկ, պատանի Զոհրապ կը գոհանայ յոյն նկարիչ Սիրոսի հոգատարութեամբ: Առաջին երեք տարիներուն ան կը ծանօթանայ նկարչական արուեստի նախագիտելիքներուն: 1958-ին կը հաստատուի Պէյրութ՝ մեծ երազներու հետապնդումով: Վեց տարի կ՚աշակերտէ  իտալացի նկարիչ Ճուլիանոյին: Երբ  Գեղեցիկին կը միանայ հոգեպահուստի մտահոգութիւնը,  կ’ընդունի ընթացք տալ նաեւ առեւտրական պահանջքներու:  Նոյն շրջանին, կը հետեւի  Քասլիքի համալսարանի նկարչական բաժանմունքին:

1972 թուականին Պրիսթոլ պանդոկի սրահէն ներս սարքած իր Ա. ցուցահանդէսով, Զոհրապ նկարիչը նորայայտ անուն մըն է խոստմնալից, ուժական ու երիտասարդ: Յաջորդ տարին, ՌԱԿ  Մ. Փորթուգալեան Ակումբի վարչութիւնը, երիտասարդ նկարիչին մէջ ողջունելով լիբանանցին ու հայը, կը կազմակերպէ  ցուցահանդէս մը, որ կը խորհրդանշէր Ապրիլ 24-ի եւ Մայիս 6-ի նահատակաց զոյգ տօները: Ահաւասիկ, այդ  տարիներէն սկիզբ կ’առնէ շարքը իր անհատական մօտ քառասնեակ մը  ցուցահանդէսներուն, առաւել՝ շուրջ քսան հաւաքական ցուցահանդէսներու կը բերէ իր մասնակցութիւնը՝ մեկնելով Պէյրութէն կ’այցելէ Հալէպ- Քուէյթ-Կիպրոս-Նիւ Եորք-Լոս Անճելըս եւ Քանատա: 1975-ին, ան յատուկ հրաւէրով՝ ութ ամիս կ’ըլլայ հիւրը Վենետիկի Մխիթարեան հայրերուն, ուր կը ստեղծագործէ առ ի մասնակցութիւն Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 300-ամեակի հանդիսութեանց:

Այսպէս,   շուրջ յիսնամեակ մը ամբողջ, ան մնայուն ներկայութիւն մը եղաւ լիբանանեան գեղանկարչական աշխարհէն ներս: Լիբանանեան տագնապի բոլոր տարիներուն,  մնաց Լիբանան  եւ իր ներդրումը բերաւ լիբանանեան նկարչական արուեստին: Աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ , հայ եւ օտար քսանէ աւելի մշակութային կեդրոններու եւ թանգարաններու մէջ հանգրուանած են Զոհրապի իւրայատուկ ներաշխարհը արտացոլացնող մեծ ու փոքր չափի  բազմաթիւ պաստառներ:

Զոհրապի նկարչութիւնը կը յատկանշուի իր գեղարուեստական մտածողութեամբ ու թելադրականութեամբ: Իւրայատուկ իր ոճին մաս կը կազմեն գոյներու եւ գիծերու հրավառութիւնը՝ իբրեւ համադրում իր ուրախ թէ տխուր հոգեվիճակին: Ընդհանրապէս, անոր գործերը կ’արտայայտեն դասականութենէն դէպի խորհրդապաշտութիւն ընթացող ուղեծիրը: Այս ներդաշնակութենէն ծնունդ կ’առնէ գոյութեան իմաստը իր նկարչութեան, որուն ազդեցութիւնը կը ներթափանցուի  մինչեւ ակնդիրին հոգիին խորը, մանաւանդ՝  երբ այդ պաստառները կը վիպերգեն կրօնաշունչ դիւցազներգութիւնը սրբանկարներու խորհուրդին: Արդարեւ, բազմաթիւ են իր ազգային-հոգեւոր արժէքներու հետամուտ իր նկարները: Աղբի՞ւրը իր ներշնչումներուն: Պատիւը կ’երթայ հայու տոհմիկ աւանդութիւնները մայրական կաթին հետ իրեն փոխանցած մօրը, որմէ ստացած ընտանեկան դաստիարակութիւնը զինք հաղորդակից կը դարձնէ կրօնականին հետ՝ նաեւ ազգային ներշնչումներուն: Իսկ, իր աշխարհական բովանդակութեամբ  իրագործուած պաստառները հոգեվիճակներ են՝ հարուստ ներաշխարհի մը մտայղացումով:

Գեղանկարիչը, իր ստեղծագործութեան պահուն, երբ կ’ընտրէ նիւթեղէնը (մատիտ-մելան-ջրաներկ կամ իւղաներկ), իր միտքին մէջ ունի մտածումը երկունքի մէջ եղող գործին տրուող կեանքին տեւողութիւնը: Անկասկած, իւղաներկը ամէնէն աւելի երկարակեացն ըլլալու առաւելութիւնը ունի: Հետաքրքրական են սակայն, իր իւղանկարներուն հակադրուող չինական մելանով ստեղծած գծանկարները, որոնք  կը գտնուին վերացապաշտ նկարչութեան ու դասական ըմբռնողութեան միջեւ: Պէտք է մօտէն,  շատ մօտէն կարդալ գիծերու լեզուով գրուած մարդկային այս վիպերգները: Հարկ է, որ ակնդիրը փորձէ խորանալ ու տեսնել նկարիչին երկունքը, ու չառաջնորդուի կաղապարուած գաղափարներու մերթ քմայքոտ ու մերթ անանուն պահանջքներէն:

Ամփոփ. Գեղանկարչութիւնը մարդկային հոգիին ներքին հարստութիւնները խուզարկող, վերծանող ու բացայայտող արուեստն է:

Այս մտորումները  ծնունդն են մեր քառասնամեայ բարեկամութեան ընթացքին կատարուած երկխօսութեան պահերուն: Հարկ է, որ զանոնք յիշենք ընդմիշտ, ու պահենք մեր մտերմութիւնը արուեստագէտին գործերուն հետ:

Զոհրապին կեանքին ու գործին Համանուագը մնաց Անաւարտ:

Ան պիտի շարունակէ հնչել ու տեւել ընդմիշտ՝ իր հարազատներուն ու մտերիմներուն խոհերուն մէջ, իբրեւ դառնանոյշ ու պատկերազարդ պատմութիւն մը՝  Սփիւռքահայ արուեստագէտ մարդու:

Բարի յաւերժաերթ Զոհրապին:

 

Պէյրութ, Լիբանան

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ