Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Մի՛ փախցնէք վերջին առիթը ըմբոշխնելու «Սաթամեան թատերախումբի» «թենոր»ները…

Մէկ կամ աւելի թենորներ, «պաս» մը, ինչպիսի՜ «սոփրանոներ» եւ… «ալթօ» մը, որոնք «տիրիժոր» Գրիգոր Սաթամեանի «ճիպոտ»ին տակ, մեզի կը ներկայանան Քէն Լուտուիկի «Թենոր մը կ՚ուզուի» երկարար կատակերգութեամբ։

Փաստ է, որ մեծատաղանդ դերասան եւ բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան յաջողած է նման սուտի եւ սխալի վրայ հիմնուած կատակերգական գործեր բեմ բարձրացնելու մէջ։ Այս մէկը տարբեր չեղաւ նախորդներէն։ Բոլոր դերակատարներն ալ կ՚ապրին իրենց դերերուն մէջ. բան մը, որ յաջողութեան բանալին է։

Չորս շաբաթավերջեր խաղալէ ետք, այս Շաբաթ եւ Կիրակի՝ Փետրուար 18-ին՝ ժամը 8։00-ին եւ 19-ին՝ ժամը 6։00-ին, Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնի Պօյաճեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենան վերջին երկու ելոյթները։ Մի՛ փախցնէք վերջին այս զոյգ առիթները, վայելելու ծիծաղի երեկոյ մը, փնտռելով թենոր մը, որուն նմանը չկայ ու չկայ…

Ալիսըն Քէշիշեան, Արի Լիպարիտեան, Ռուբէն Հարմանտայեան, Ալեքս Խորշիտեան, Արփի Սամուէլեան, Փիթըր Նշան, Մարալ Նաշալեան եւ Արփի Պալապանեան մեզ կը հեռացնեն մեր առօրեայէն, նետելով… կատակերգութեան գիրկը։

Եւ այս բոլորին ետին կան կամաւորներ, յանձնախումբ՝ ատենապետութեամբ Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեանի, բեմավարն է Վիգէն Պալապանեան, իսկ բեմի յարդարումն ու շինութիւնը աշխատանքն է Մանուկ Սաթամեանին։

Կը շնորհաւորենք ՀԲԸՄ-ի «Սաթամեան» թատերախումբի այս հերթական յաջողութիւնը եւ կը քաջալերենք, որպէսզի անոնք որոնք տակաւին առիթը չունեցան դիտելու՝ ժամ առաջ իրենց տոմսերը ապահովեն։

Տոմսերուն համար դիմել ՀԲԸՄ-ի գրասենեակ, Գրատուն Պերճ, Գրատուն Ապրիլ եւ կամ՝ itsmyseat.com/tenor կայքին։

 

Հ.Ս.                                                                                                        

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ