Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ֆրանսահայերը Ֆրանսուա Ֆիյոնի՞ կողմնակից

Ֆրանսայի քաղաքական գործիչները միշտ ալ կարեւորած են կէս միլիոննոց հայ համայնքին աջակցութիւնը, յատկապէս ընտրութիւններու առիթով։ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը միշտ ալ նիւթ դարձած է նախընտրական օրերուն։ Նոյնիսկ հեռացող նախագահ Հոլանտը  անդրադարձաւ այս հարցին վերջերս հայ համայնքին հետ հանդիպումին ընթացքին։

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր եւ նախկին վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոնը յաղթած է աջակողմեաններու եւ կեդրոնամէտներու նախնական ընտրութիւններուն եւ թեկնածու է նախագահի պաշտօնին։ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը տակաւին կողմնորոշուած չէ եւ կը նախատեսուին հանդիպումներ բոլոր թեկնածուներուն հետ։

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ