Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով Էսթէրա Մկրտումեան նշանակուած է Արժանթինի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, նստավայր ունենալով մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսը։
Ան ծնած է 1976-ին, Երեւան։ Աւարտած է ԵՊՀ-ի Ռոմանօ-գերմանական բանասիրութեան բաժինը։ 2013-էն ի վեր Արժանթինի դեսպանատան մէջ կը վարէր դեսպանութեան խորհրդականի եւ հիւպատոսի պաշտօններ։ Ունի լայն փորձառութիւն Եւրոպայի մէջ նոյնպէս։ Հայերէնին կողքին կը տիրապետէ սպաներէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն։ Ունի մէկ դուստր։