Էսթէրա Մկրտումեան նշանակուեցաւ Արժանթինի դեսպան

Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով Էսթէրա Մկրտումեան  նշանակուած է Արժանթինի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, նստավայր ունենալով մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսը։

Ան ծնած է 1976-ին, Երեւան։ Աւարտած է ԵՊՀ-ի Ռոմանօ-գերմանական բանասիրութեան բաժինը։ 2013-էն ի վեր Արժանթինի դեսպանատան մէջ կը վարէր դեսպանութեան խորհրդականի եւ հիւպատոսի պաշտօններ։ Ունի լայն փորձառութիւն Եւրոպայի մէջ նոյնպէս։ Հայերէնին կողքին կը տիրապետէ սպաներէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն։ Ունի մէկ դուստր։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ