Թրքական T24 կայքի լրագրող, Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչ Ճէմալ փաշայի թոռնիկը՝ Հասան Ճէմալ «ահաբեկչութիւնը քարոզելու» մեղադրանքով դատապարտուած է մէկ տարի, երեք ամիս բանտարկութեան։
Դատարանը Հասան Ճէմալը մեղադրած է Յուլիս 11, 2016-ին քիւրտ զինեալներու առաջնորդներէն Ֆեհման Հուսէյնի մասին հրապարակումին պատճառով, շեշտելով, որ յօդուածին մէջ քիւրտ զինեալը ներկայացուած է որպէս պետ, իսկ քրտական զինուած շարժումը ներկայացուած է դրականօրէն։
Այժմ, դատարանին նախագահը յետաձգած է դատավճիռին գործադրումը եւ շեշտած, որ նմանատիպ յանցանքի պարագային պատիժը պիտի մտնէ ուժի մէջ։