Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Կ՚առաջարկուի պատժել Ռուսիան՝ ամերիկեան ընտրութիւններուն միջամտելուն «յանցանքով»

Ամերիկացի հանրապետական սենաթոր Լինտսի Կրէհէմ առաջարկած է խստօրէն պատժել Ռուսիան՝ ամերիկեան ընտրութիւններուն միջամտելուն համար։ Ան նման յայտարարութիւն ըրաւ Կիրակի օր, Միւնիխի մէջ գումարուող անվտանգութեան ամենամեայ միջազգային համաժողովին ընթացքին։ Անոր խօսքերով, ռուս նախագահ Փութինի կարգադրութեամբ կազմակերպուած էր «արշաւ, խաթարելու հանրութեան հաւատքը ամերիկեան ընտրական համակարգին նկատմամբ եւ վարկաբեկել դեմոկրատական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընը»։

Կրէհէմ ըսած է նաեւ, թէ «երբ յետընտրական ներքաղաքական պայքարը հանդարտի, Քոնկրէսին օրակարգի թիւ մէկ խնդիրը պիտի ըլլայ Ռուսիոյ նկատմամբ նոր պատժամիջոցներու ծրարը, որ պիտի դրուի Թրամփի սեղանին»։ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ