Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ֆրանսա նոյնպէս կը մեղադրէ Ռուսիան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էրոն մեղադրած է Մոսկուան համակարգչահէններու հետ գործակցելուն համար։ Նախարարին կարծիքով, այդ «յարձակումներուն» թիրախը եւրոպամէտ դիրքորոշում ունեցող Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու Էմանուէլ Մաքրոնն է։ «Ե՛ւ աջակողմեան թեկնածու Մարին ԼըՓէն ե՛ւ պահպանողական թեկնածու Ֆրանսուա Ֆիյոն յայտնի են ռուսամէտ եւ հակաեւրոպական դիրքորոշումներով, որոնք ձեռնտու են Մոսկուային», ըսած է Էրոն։

Լրատուական գործակալութիւններ կը նշեն, թէ անցնող Սեպտեմբերին վերընտրուելու համար պայքարող Գերմանիոյ առաջնորդ Անկելա Մերքելը նոյնպէս ահազանգած էր, որ Մոսկուան կը փորձէ միջամտել գերմանական ընտրութիւններուն։

«Այն ինչ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 2016-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ,  կը պարտադրէ, որ մենք ձեռնարկենք անհրաժեշտ բոլոր միջոցները մեր դեմոկրատական գործընթացի անձեռնմխելիութիւնը պահելու համար», ըսած է Էրոն «Ժուռնալ տը Տիմանշ» հանդէսին տուած հարցազրոյցին մէջ։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ