Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Իլհամ Ալիեւը Հայաստանի դէմ կը լարէ իսլամական աշխարհը

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմակողմանի պայքար բացած է հայերու եւ Հայաստանի դէմ։

Ալ Ժազիրա հեռատեսիլի ալիքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին խօսած է, թէ Ատրպէյճան թոյլ չի տար, որպէսզի Արցախը անկախանայ, տալով խնդիրին կրօնական երանգաւորում։

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերը ոչնչացուցած են մեր պատմական յուշարձանները, թանգարանները, մզկիթները, նոյնը ըրած են նաեւ Աղտամի եւ Շուշիի մէջ։ Այդ գործողութիւնները ոչ միայն ուղղուած են Ատրպէյճանի պատմական ժառանգութեան, այլ՝ նոյն ատեն մահմետական արժէքներու դէմ», ըսած է Ալիեւ։

Ճշմարտութիւնը քօղարկող Ատրպէյճան մէկ կողմէ իսլամական պետութիւնները ոտքի կը հանէ Հայաստանի դէմ, սակայն կը մոռնայ, թէ որպէս «իսլամական» պետութիւն ի՛նք ինչ պարտաւորութիւններ ունի Իսրայէլի նկատմամբ… Ան կը խօսի Աղտամի եւ Շուշիի մզկիթներուն մասին, բայց այդ մզկիթները կան, կանգուն են, իսկ տէրերը իրենք չեն, այլ՝ պարսիկները։ Որքան ալ Ատրպէյճան կը փորձէ Իրանն ու կարգ մը արաբական երկիրներ հեռացնել Հայաստանէն, սակայն ճշմարտութիւնը այլ բան կ՚ըսէ։ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ