Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՆՑԵԱԼԻՆ՝ ԱՅՍՕՐ

– 19 Փետրուար 1869.- Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օր։ Ծնած՝ Լոռի գաւառի Դսեղ գիւղին մէջ։ 2008 թուականէն ի վեր, Հայաստանի մէջ Փետրուար 19-ը յայտարարուած է «Գիրք նուիրելու օր»։

– 19 Փետրուար 2004.- Ատրպէյճանի բանակ հասարակ զինուորական մը՝ Ռամիլ Սաֆարով անունով, այդ օր Պուտափեշտի մէջ, Հունգարիա, կացինի 16 հարուածներով սպաննեց անկողինին մէջ քնացած Գուրգէն Մարգարեանը։ Ոճրագործը «հերոս» դարձաւ իր երկրին մէջ։ Զարթի՛ր աշխարհ…

– 17-18 Փետրուար 1921.- Այդ գիշեր, Երեւանի բանտին մէջ պոլշեւիկներուն կողմէ կացնահարուեցան 21 հայ քաղաքական եւ ռազմական գործիչներ, որոնց շարքին Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներ Ղորղանեանը եւ Համազասպը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ