Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցով խորհրդակցութիւն՝ Ս. Էջմիածնի մէջ

Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւնները արդէն ութ տարի է որ կը ձգձգուին։ Վերջերս Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի միջեւ ծագած հարցը նոր զարգացում ապրեցաւ, երբ վերջինիս հրապարակային նամակէն ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը զիրենք հրաւիրեց խորհրդակցութեան՝ Ս. Էջմիածին։

Մայր Աթոռ հրաւիրուած է նաեւ Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան։ Մինչեւ Հինգշաբթի օր, երեք հոգեւորականներն ալ հասած պիտի ըլլան Ս. Էջմիածին եւ պիտի ունենան սրտբաց խորհրդակցութիւններ։

 

Նամակ՝ Կաթողիկոսին

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ հայ համայնքի աւելի քան 5,000 ներկայացուցիչներ նամակով դիմած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, ուր յստակօրէն կ՚ըսուի, թէ Արամ Արք. Աթէշեան ժողովուրդին կամքէն անկախ կը գործէ պատրիարքի իրաւասութիւններով։ Կը նշեն, թէ ընտրելի պատրիարքը միայն եկեղեցւոյ առաջնորդը պիտի չըլլայ, այլեւ՝ պետութեան դիմաց Թուրքիոյ հայերու ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ։ Այնպէս որ, նամակը ստորագրողները կը խնդրեն, որ այս առիթով Կաթողիկոսը հրաժարականը պահանջէ Արամ Սրբազանին որպէս պատրիարքական փոխանորդ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ