Կիրակի, Ապրիլ 2, 2017ին Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն
մէջ պիտի կատարուի »ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ»Ի ԱՂՕԹՔ
2016 թուականին
Արցախի մէջ նահատակուած Քաջարի Հայ Զինուորներուն համար
2016ի Ապրիլ ամսուան առաջին օրերուն Արցախեան հողերու պաշտպանութեան համար տեղի ունեցան պատերազմական լուրջ գործողություններ:
Հայրենիքի հողերու պաշտպանութեան համար զոհուեցան բազմաթիւ հայ քաջարի մարտիկներ եւ զինուորներ:
Կիրակի, Ապրիլ 2, 2017ին, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՂՕԹՔՆԵՐ պիտի կատարուին Արցախեան պատերազմին նահատակ եւ հայրենասէր բոլոր մարտիկներու եւ բանակայիններու հոգիներուն համար:
Խաղաղութիւն անոնց հոգիներուն եւ աստուածային մխիթարութիւն անոնց բոլոր սիրելիներուն:
Այսու, կը հաղորդենք Թեմի Հոգեւոր Հովիւներուն, Ծխական Խորհուրդներուն, Տիկնանց Միութեան Մասնաճիւղերուն, Թեմական Պատգամաւորներուն, յարակից կազմակերպութիւններուն եւ մեր համայն հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկսի հրաւէրին, Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, Մարտ 5-9-ի օրերուն պիտի մասնակցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Նորին Սրբութեան Նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովին:
Բարի ճանապարհ եւ ապահով վերադարձ կը մաղթենք Առաջնորդ Սրբազան Հօր:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ