Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան ներկայ թնճուկը

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան այսօրուան թնճուկը կարելի պիտի ըլլար ողջմտութեամբ լուծել տեղւոյն վրայ, երբ Փետրուար 16-ի զոյգ ժողովները տեղի ունեցան, մին ծածուկ՝ Պատրիարքարանի ներքին դահլիճին մէջ, մասնակցութեամբ Արամ եւ Սահակ Սրբազաններու եւ տասնի մօտ ազգայիններու, եւ միւսը՝ պատրիարքարանի հանդիպակաց սրահին մէջ, ուր 70 կամ աւելի ազգայիններ ժողովի հրաւիրուած էին նոյն նպատակով։ Երկու պարագաներ իսկոյն յայտնուեցան, մին առաջին գաղտնի ժողովի ընթացքին համաձայնագիրի մը ստորագրութամբ, որ դրական բովանդակութիւն ունէր եւ օգտակար, եւ միւսը ընդարձակ ժողովին ընդվզումով թէ ինչպէ՛ս առանց իրենց գիտութեան ժողով կը գումարուէր եւ արդիւնքն ալ իրենց վաւերացման կ՚ենթարկուէր։ Վիրաւորանք, ըսուեցաւ անփութօրէն, եւ փոխանակ հարցը տրամաբանօրէն եւ կանոնական գետնի վրայ քննելու, ուժգին հրաժարականը պահանջեցին գործող Պատրիարքական Փոխանորդին։

Մինչդեռ առաջին ժողովը, գաղտնի կամ ծածուկ, եւ այդ երկրորդական կը մնայ, առաւ այն որոշումը ինչ որ ընդարձակ ժողովի հրաւիրեալները կ՚ակնկալէին։ Փոխանակ ծափահարութեամբ ընդունելու մտածուած եւ որոշուած դրական արդիւնքը, փոթորիկ պայթեցուցին եւ լաւագոյն առիթը ձեռքէ հանեցին։ Ի՞նչ էր կատարուածը Հայ Եկեղեցւոյ կանոններու տեսանկիւնէն դիտուած։ Ստորագրուած համաձայնութիւնը որոշած էր յաջորդ օրն իսկ Տեղապահ ընտրել եւ միւս օրերուն ալ անմիջական դիմումները կատարել Պատրիարքի ընտրութեան, որուն թուականն ալ կը հաստատուէր՝ Մայիս 28, 2017։

Աթոռի մը Տեղապահը կանոնական սահմանումով շատ աւելի բարձր է, գերակշիռ եւ պատասխանատու քան Փոխանորդ մը, երբ առաջինն է կանոնականը։ Միամիտ եւ անգիտակ ըլլալու չէին ժողովականները պահանջելու Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արք. Աթեշեանի հրաժարումը, որ ինքն իսկ յօժարած եւ ստորագրած էր յաջորդ օրուան Տեղապահին ընտրութիւնը։ Եւ երբ Տեղապահը կ՚ընտրուի ինքնաբերաբար կը ջնջուի նաեւ Փոխանորդին իրավիճակն ու պարտականութիւնները։ Ո՞ւր տեսնուած է այնքան անտրամաբանական եւ հակականոնական իրավիճակ, երբ երկուքը միաժամանակ կը մնան իրենց պաշտօններուն վրայ։ Երբեք։ Տեղապահը կանոնական եւ կարճատեւ դիրք ունի, իսկ Փոխանորդը՝ նշանակովի կ՚ըլլայ Պատրիարքի որոշմամբ եւ յարափոփոխ։ Երբ Արամ Սրբազան կը յօժարի ու կը ստորագրէ, որ Տեղապահի մը ընտրութիւնը կատարուի ՅԱՋՈՐԴ ՕՐՆ ԻՍԿ, ինք իր պաշտօնէն կը դադրի, բացի այն պարագայէն, եթէ զինք Տեղապահ ընտրեն։

Այսքան պարզ եւ յստակ կը թուէր գործընթացը։ Լաւ որ «գաղտնի» ժողովը գումարեցին ու ճամբան հարթեցին յաջորդ օրուան Տեղապահի ընտրութեան համար։ Ժողովականներուն կը մնար ընտրել Տեղապահը, շատ հաւանաբար երրորդ անձ մը, եւ հարցը չհասցնել Մայր Աթոռ, ուր կրնան նաեւ բարդութիւններ ստեղծուիլ։ Մէկ օրէն միւսը, իր տառացի առումով, Տեղապահը կ՚ընտրուէր եւ Պատրիարքի ընտրութիւնն ալ իր լուծումը կը գտնէր Տեղապահին կանոնական կարգադրութիւններով։           

Այստեղ գնահատելի պիտի ըլլար արձանագրել երկու ամիսներ առաջ առնուած այն բացառիկ որոշումը, որով Մեսրոպ Պատրիարք հանգստեան կը կոչուէր խիստ բացառիկ պարագայի մը հետեւանքով, եւ Աթոռը թափուր կը հռչակուէր։ Իմաստուն քայլ մըն էր առնուածը, եւ այս վերջին քայլն ալ կու գար սրբագրելու ձգձգման սխալներն ու քմայքը Փոխանրդ Սրբազանին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մտահոգ դարձնելու առիթը պիտի չտրուէր, եթէ Տեղապահի ընտրութիւնը Փետրուար 17-ին կատարուէր միասնական ճիգով։ Խնդրին լուծման հասնելու ուղիղ գիծը ամենակարճ ուղին էր, եւ սակայն այժմ գիծը դարձաւ ուղիղէն տարբեր գիծ մը։

Յուսանք, որ Մայր Աթոռի մէջ այս օրերուս գումարուած խորհրդակցական ժողովը Ազգիս Սրբազնագոյն Հայրապետի նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ պատրիարքութեան թեկնածու Սրբազան Եպիսկոպոսներուն նոյն ճամբով կը յանգի երջանիկ արդիւնքի մը։ Զի տեսցէ Տէր եւ ողորմեսցի։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ