Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կոչը Սփիւռքահայութեան

Սիրելի՛ հայեր, Սփիւռքի մեր հայրենակիցնե՛ր,

Պատիւ ունիմ կոչով դիմելու ձեզի եւ բոլոր անոնց, որոնք անտարբեր չեն Հայաստանի նկատմամբ՝ մասնակից ըլլալու հայրենիքի ապագայի կառուցման:

Հայաստանը եւ Սփիւռքը մէկ ամբողջի երկու մասն են` իրարու հետ կապուած պատմութեան մէկ շղթայով, մէկ ճակատագրով, հայրենիքի ապագային վերաբերեալ անհանգստութեամբ: Մենք պատասխանատուութիւն ունինք մէկս միւսին նկատմամբ, որ մեզ կը համոզէ միաւորել ուժերը, բազմապատկել հնարաւորութիւններն ու շտկել մեր կեցուածքը աշխարհի նիստուկացին մէջ: Մենք այլ տարբերակ չունինք՝ քան լաւ երկիր կառուցելու եւ հզօր ու արդար Հայրենիք ունենալու հրամայականը:

Ժամանակն է, որ դառնանք ու ըսենք մենք մեզի` փոխել կրնանք միայն մեր ուժով ու մեր խելքով:

Մեր անկախութեան ճանապարհին ունեցած ենք յաջողութիւններ, նաեւ սխալներ` կապուած առարկայական ու ենթակայական գործօններու հետ: Գիտակցած ենք թերութիւնները, եւ հերթական սխալները կրկնելու իրաւունք չունինք այլեւս:

Մեր երկրի աշխարհաքաղաքական դիրքը եւ այսօրուան մարտահրաւէրները կը պարտաւորեցնեն մեզ ըլլալու խելացի եւ խելացի օգտագործելու մեր մրցակցային առաւելութիւնները: Մեր հարստութիւնը այսօր կ՚որոշուի ոչ թէ քարիւղով ու կազով, այլ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի խելացի մարդկային ներուժով:

Մենք կ՚երթանք փոփոխութիւններու եւ այդ հորիզոնին հասնելու համար ունինք մէկ յստակ բանաձեւ` հայրենասէր խմբակ, կամք, խելացի կառավարում եւ ծրագիրներ, որոնք շարժիչ ուժ պիտի հանդիսանան միջավայրը որակապէս փոխելու համար:

Մենք կը հրաւիրենք Սփիւռքի մեր կառավարիչները, մշակութային գործիչները, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտի միջազգային ճանաչում ունեցող հայրենակիցները մասնակից դառնալու երկրին մէջ ընթացող բարեփոխումներուն` առաջին հերթին կառավարման նոր մշակոյթ բերելու, Սփիւռքի մեր լաւագոյն մասնագէտներու գիտելիքներն ու ներուժը համահայկական նպատակներուն ծառայեցնելու համար:

Այս առումով Սփիւռքը մեզի համար առաւելութիւն է: Չօգտագործել Սփիւռքի ներուժը, կը նշանակէ ըլլալ եսակեդրոն ու ներփակուած: Չտրամադրել Սփիւռքի մէջ առկայ յառաջադէմ միտքը մեր գործընկերներուն, երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն, կը նշանակէ ըլլալ անարդիւնաւէտ՝ այսօրուան արագ փոխուող աշխարհին մէջ:

Սփիւռքի մշակոյթը պէտք է նկատելի ըլլայ մեր կեանքին մէջ․ իւրաքանչիւր կապ մեր հայրենակիցներուն հետ, վստահ եմ, նոր լիցք եւ ոգեւորութիւն պիտի հաղորդէ մեզի, որուն արժեւորումը, հաւանաբար, հաշուարկելի չէ, բայց արդիւնքը հաստատ կրնայ բերել աշխարհայեացքի փոփոխութեան, արժեհամակարգերու նկատմամբ հանդուրժողականութեան, կառավարման ու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման: Ասիկա արդէն պիտի ըլլայ բոլորիս յաջողութիւնը:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Վստահ եմ, որ ձեր անմիջական մասնակցութեամբ հնարաւորութիւն պիտի ունենանք արագ արդիւնքներ արձանագրելու առանցքային ոլորտներու մէջ եւ տարածաշրջանին մէջ ունենալու տնտեսական, առողջապահական, կրթական յառաջատար համակարգեր:

Պահպանելով աւանդական արժէքները` միաժամանակ բաց եւ հանդուրժող ըլլալ զարգացող արտաքին աշխարհի համար: Ձեր միջոցով այլ ազգերու մշակոյթներու լաւագոյն հմտութիւնները փոխառնել ու նաեւ աւելի ճանաչելի դարձնել Հայաստանը աշխարհին:

Անկախ անկէ, թէ որ երկրի մէջ կ՚ապրինք, ես ներքին համոզում ունիմ, որ բոլորիդ խելքն ու միտքը Հայաստանն է, եւ բոլորիդ մօտ հպարտութեան ու արժանապատուութեան զգացողութիւնը կապուած է նաեւ Հայաստանի բարեկեցութեամբ: Ուրեմն ամէն ինչ ընենք, որպէսզի մէկս միւսը զօրացնենք, միաւորուինք ու միասին կառուցենք երկրի ապագան, որպէսզի մեր երեխաները վստահ ըլլան, որ Հայաստանը ժամանակ մը ետք պիտի չզիջի յառաջադէմ այն երկիրներուն, ուր հայերը յաճախ կ՚երթան լաւ կեանքի ակնկալիքով:

Վստա՛հ եղէք, ամենալաւ երկիրը հայերուն համար Հայաստանը պիտի ըլլայ:

Մեր երկրի ապագայով մտահոգ, անհանգիստ ու պարզապէս սրտի կանչ ունեցող իւրաքանչիւր հայ մարդ ընելիք ունի այս ճանապարհին:

Անկախ ապրելու վայրէն, կուսակցական պատկանելութենէն եւ ընկերային դիրքէն` մենք բոլորս ունինք մէկ գաղափար, որուն շուրջ պէտք է միաւորուինք եւ համախմբուինք` ուժեղ, պատմական արժէքներն ու աւանդոյթները պահպանող, բայց եւ ժամանակակից, հպա՛րտ Հայաստան:

Կոչ կ՛ընեմ` միասին ստեղծենք այնպիսի հայրենիք, որ աշխարհի մէջ հպարտութեամբ մեզ հայ կոչենք:

Սիրով կը սպասենք ձեզի:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ