Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Վրէժ Աղաճանեան Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածու

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4-ին տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի երեք անդամներու ընտրութիւնը:

Քաղաքապետական խորհուրդը հինգ անդամներէ բաղկացած մարմին մըն է, որուն երկու անդամներուն ընտրութեան ժամանակն է այս տարի, իսկ երրորդ անդամի՝ Լորա Ֆրիտման Քալիֆորնիոյ նահանգի ներկայացուցիչներու տան անդամ ընտրուելով, երրորդ աթոռն ալ թափուր է: Ահա թէ ինչու Կլենտէյլի բնակիչնները քաղաքապետարանի երեք անդամներ պիտի ընտրեն:

Այս պաշտօնի համար իր թեկնածութիւնը դրած է նաեւ գաղութիս ծանօթ ազգայիններէն, հանրածանօթ AABC եւ High Vision հեռատեսիլի  կայաններու հիմնադիր եւ սեփականատէր, 18 տարիներու լրագրական վաստակ ունեցող, շաբթուան եօթը օրերուն ալ հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ գտնուող՝ Վրէժ Աղաճանեանը:

Ան 36 տարիներէ ի վեր Կլենտէյլ կ՚ապրի: 36 տարի գործած է որպէս P. E. վկայեալ ճարտարագէտ: Կլենտէյլի բնակիչները շատ բարի, պահպանողական եւ ընտանեկան սրբութիւններուն  հաւատացող բնակիչներ են, որոնք Վրէժ Աղաճանեանին համար շատ մեծ նշանակութիւն ունին, եւ ճիշդ այդ պատճառաւ է որ ան կը փափաքի իր կարելի բոլոր միջոցներով օգտակար ըլլալ այս քաղաքի բնակչութեան:

Արտակարգօրէն բարեկիրթ, համեստ եւ աշխատասէր անձ մըն է Աղաճանեան: Մարդկանց բարին կամեցող, բարին ցանկացող եւ լաւագոյնը մաղթող անձ մըն է ան։

Աղաճանեան Ամերիկայի հայ ինժիներներու եւ գիտնականներու ծանրակշիռ միութեան այժմու նախագահն է:

Եղած է գաղութիս պարզանքը հանդիսացող Իրանահայ Միութեան նախկին նախագահ:  Լոս Անճելըսի Մարիամեան-Դաւթեան մեծանուն միութեան նախկին վերահսկիչ: Ամերիկեան Kiwanis համաշխարհային մարդասիրական կազմակերպութեան Կլենտէյլի մասնաճիւղի վարչական:

Վստահելի մարդ, հիանալի եւ հոգատար ամուսին եւ հայր երկու զաւակներու:

 

***

Վրէժ Աղաճանեան շատ մօտէն գործած է եւ ծանօթ է Կլենտէյլի քաղաքապետարանի բոլոր բաժանմունքներուն: Շատ իրազեկ է իւրաքանչիւր բաժնի դժուարութիւններուն եւ ծառայութիւններուն: Որպէս հասարակական գործիչ եւ լրագրող, մօտէն ծանօթ է Կլենտէյլի բնակչութեան ու մանաւանդ հայ գաղութը յուզող հարցերուն: Եւ ճիշդ անոր համար է, որ ինք տարիներէ ի վեր ծրագիրներ մշակած է քաղաքի կենսական հարցերուն, երթեւեկութեանց, գործատեղիներու բացման, ջուրի, լոյսի եւ կազի գիներու բարձրացման, բայց մանաւանդ Կլենտէյլի բնակարաններու վարձքերու անտանելի վիճակին մասին:

Ճիշդ անոր համար է, որ Կլենտէյլի բնակիչները շատ հանգիստ կը զգան եւ մեծ վստահութիւն ունին Վրէժ Աղաճանեանի հետ աշխատելով:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4-ի ընտրութեան մասնակցելու համար անհրաժեշտ է, որ ԱՄՆ-ի քաղաքացիներ արձանագրուին Կլենտէյլի քաղաքապետարանի քարտուղարութեան մօտ, որպէսզի իրենց անունները ցանկին վրայ ըլլան: Իսկ Մարտ 6-էն սկսեալ բնակիչները պիտի ստանան տունէն քուէարկելու թուղթեր. ժողովուրդը կրնայ լեցնել այդ թերթիկները եւ ուղարկել նամակատան միջոցաւ, կամ՝ հեռաձայնել Վրէժ Աղաճանեանի ընտրական շտապին (818) 249-9999 թիւին, հոնկէ անձեր կու գան ձեզի օգնելու համար: Վրէժ Աղաճանեան ընտրութեան թղթիկներու վրայ 3-րդ անունն է:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող Ամերիկայի Հայ Իրաւանց Խորհուրդը կոչ ըրած է Կլենտէյլի հայութեան, կամ բոլոր հայերուն, որոնք ծանօթներ եւ ազգականներ ունին Կլենտէյլի մէջ, որ իրենց քուէները վստահին Խորհուրդի զօրակցութիւնը վայելող Վրէժ Աղաճանեանին, վստահ ըլլալով որ Վրէժ Աղաճանեանի ընտրութեամբ Կլենտէյլի բնակիչները իրենց կարիքները հոգացող խղճամիտ եւ պարկեշտ թեկնածու մը պիտի ընտրեն:

Մանրամասնութեանց համար կարելի է հեռաձայնել (818) 249-9999   թիւին:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ