Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Գաղութային Լուրեր

ՀԷՐԻ ԼԷՕՆ ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՔԱՂԱՔԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ

     Լոս Անճելըս գաւառը ունի 88 քաղաքներ (Corporated Cities) եւ 75 աւաններ (Unincorporated Cities), որոնք անկախ քաղաքներ չեն եւ կապուած են Լոս Անճելըս գաւառի վերակացութեան (Supervisor): Կլենտէյլի հիւսիսային դրացին է Լա Քրեսենթա քաղաքը, որ ունի 18,000 բնակիչ, որուն 99%-ը սպիտակամորթ ամերիկացիներ են: Հանդարտ, շատ ապահով լեռնալանջային հարուստ քաղաք մըն է, ուր քիչ թիւով հայեր կ՚ապրին։

    Անցեալ Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ այս քաղաքի ղեկավարման խորհրդատու մարմնի անդամներուն ընտրութիւնը, ուր երկու հայեր շահեցան, որոնք Փետրուար 4, 2017-ին իրենց դիւանը կազմեցին Հէրի Լէօնը ատենապետ ընտրելով եւ Արամ Օրտուպէկեանն ալ՝ քաղաքի խորհուրդի  քարտուղար։ Կը շնորհաւորենք մեր երիտասարդ հայորդիները։ Հէրի Լէօն Իրաք ծնած եւ փոքր տարիքին ԱՄՆ հաստատուած գործարար մըն է:   

 

 

ՆԻՔԱ ՊԱՊԱՅԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

        Փետրուար 24-ին, Կլենտէյլի «Լարք» երաժշտական կեդրոնի Թրբանճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան դասախօսութիւն մը, նուիրուած՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շքանշաններուն (1918-2016): Բանախօսն էր Նիքա (Նիկողայոս) Պապայեան, որ այս շքանշաններուն մասին երկու գիրք հրատարակած է:

 

ԴՈԿՏ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳԻՐՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

      Երեքշաբթի, Փետրուար 7-ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի ունեցաւ խիստ շահեկան դասախօսութիւն մը, նուիրուած Լիբանանի հայկական գիրքերուն: Դասախօսն էր Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի հայկական սփիւռքի հետազօտութեան կեդրոնի վարիչ՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ խօսեցաւ Լիբանանի վերջին 100 տարիներու հայ գիրքերուն մասին:

     Ներկաները ողջունեց գրատան տէր եւ տնօրէն Առնօ Երէցեան, իսկ բանախօսը հանգամանօրէն ներկայացուց Արարատ-Էսքիճեան թանգարանի տնօրէնուհի Տիկին Մակի Կէօվչին:

     Յարգելի բանախօսը մէկ ժամ տեւողութեամբ խօսեցաւ Լիբանանի մէջ մօտ 7000 հաշուող գիրքերու կեանքին, տպարաններուն եւ հրատարակչատուներուն մասին։

 

ՀԱՃՆՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐ

Փետրուար 11-ին, Արարատ Տարեցներու Տան Տէօքմէճեան ընդարձակ սրահին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ Հաճըն քաղաքին նուիրուած գիտաժողով-սեմինար մը:

     Միօրեայ այս սեմինարը կազմակերպուած էր «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի, Քալիֆորնիոյ Նորթրիճ համալսարանի Հայկական Ամպիոնի եւ Հայկական Ուսումնասիրութիւններու եւ Հետազօտութիւններու Ազգային Հիմնարկի (NAASR) կողմէ:

     Գիտաժողովը վարեցին Նորթրիճ համալսարանի Հայկական Ամպիոնի վարիչ, Փրոֆ. Վահրամ Շամմասեան եւ Դոկտ. Յասմիկ Պարան:

     Պէյրութէն հրաւիրուած էր Հայկազեան համալսարանի դասախօսներէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ տուաւ Հաճնոյ աշխարհագրական, տնտեսական, կրօնական պատմականը, Հաճնոյ հերոսամարտը, տեղահանութիւնը, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղի եւ Հայաստանի Հաճըն աւանի մասին: Ապա յաջորդաբար խօսք առին Ինտիանայի Պէթիլ քոլէճի գրադարանապետ Քէվըն Պլօվէզ, հաճընցի որբերու եւ որբանոցներու մասին խօսեցաւ, նախկին օդաչու Փօլ Հուվըր եւ Հրաչ Կէօզիւպէօյիւքեան: Մայր ու աղջիկ Արաքսի Գօփուշեան եւ Լորի Թաթուլեան զուգերգ մը կատարեցին, երգելով «Զարթիր որդեակ»ը: Ապա խօսք առին «Անի» հայկական հիմնարկի տնօրէն Դոկտ. Ռուբէն Ատալեան, Դոկտ. Ժորժ Գուշեան: Նմանապէս, ներկաները դիտեցին Դոկտ. Քէյ Մուրատեանի շատ ծանօթ եւ Թորոնթոյի փառատօնի պատուոյ մրցանակին արժանացած «Մօրս Ձայնը» վաւերագրական ֆիլմը:

     Միօրեայ սեմինարը վերջ գտաւ ԱՄՆ-ի մեծանուն դաշնակահարներէն Դոկտ. Վաչէ Մանկրեանի նուագով եւ Դոկտ. Կարինէ Աւագեանի երգով. կատարուեցան հաճընցիական երգեր՝ «Ատանայի ողբը», «Օդանաւ եկաւ», «Հաճընցի քաջ պատանի» «Կիլիկիա», «Ձայն տուր ով ծովակ» եւ Ալեքս Հեքիմեանի «Հայաստան» երգը:

 

«ՍԻՐՈՅ ԵՒ ԳԻՆՈՒ ԳԻՇԵՐ՝ ՀԱՖԷԶԻ ՀԵՏ»

      Իրանահայ բանաստեղծ, գրականագէտ եւ թարգմանիչ, 40 տարի Սպահանի Պետական համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս եւ տասնեակ մը գիրքերու եւ թարգմանութիւններու հեղինակ՝ Ազատ Մաթեան, յատուկ դասախօսութիւնով մը ներկայացուց 14-րդ դարու պարսիկ գրականութեան գագաթներէն Հաֆէզը, անոր հայերէնի թարգմանուած կտորներու ընթերցումներով: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Փետրուար 15-ին, «Ապրիլ» գրատան սրահին մէջ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ