Մշակոյթը ժաղովուրդի մը մեծութեան չափանիշն է, իսկ թատրոնը՝ մշակոյթը յայտնաբերող կարեւորագոյն ազդակն է։ Հայ թատրոնը աւելի քան 2000 տարի դաստիարակած եւ զարգացուցած է մեր ժողովուրդի արուեստի մակարդակն ու հասկացողութիւնը։
Արուեստագէտ Գրիգոր Սաթամեան 55 տարիներ՝ հայերէն լեզուով բեմադրած թատերախաղերու միջոցաւ, վառ պահած է հայերէն լեզուի գործածութիւնը, որ հայապահպանման սրբազան առաքելութեան կարեւորագոյն ազդակներէն մին է սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ։ Մէկ խօսքով, Սաթամեան սփիւռքահայ թատրոնի պատմութեան մէջ պիտի մնայ որպէս տիտան, իբր արհեստավարժ դերասան-բեմադրիչ։
Գրիգոր Սաթամեան գեղարուեստական ղեկավարն է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի։ Առ այդ, ան նաեւ բեմադրիչն է գաղութիս մէջ միակ մնայուն կերպով գործող «Սաթամեան» (նախապէս «Արտաւազդ») թատերախումբին։
Վերջերս կարեւոր հարցազրոյց մը ունեցայ Գրիգոր Սաթամեանի հետ, որուն շահեկանութեան համար զայն կ՚ուզեմ յանձնել ընթերցողին ուշադրութեան։
Հ. Կրնա՞ք մեզի հակիրճ տեղեկութիւն տալ ձեր ուսման մասին։
Պ. 1959-ին շրջանաւարտ եղայ ՀԲԸ Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն, որմէ ետք յաճախեցի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը եւ չորս տարուան շրջանը աւարտելով՝ ստացայ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոս տնտեսագիտութեան ճիւղին մէջ։
Հ. Անգլիա չմեկնած՝ թատերական ի՞նչ փորձառութիւն ունէիք։
Պ. Երկրորդական վարժարանը աւարտելէս ետք, միացայ ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Փափազեան թատերախումբին, ինչպէս նաեւ Ամերիկեան Համալսարանի թատերական ակումբին։ Տարի մը ետք, մաս կազմեցի նոր հիմնուած Լիբանանեան ժամանակակից թատրոնին, ուր ելոյթ ունեցայ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։
Հ. Ե՞րբ որոշեցիք երթալ Անգլիա, մասնագիտանալու թատրոնի եւ ֆիլմարուեստի մէջ։
Պ. 1964-ին, ՀԲԸ Միութիւնը կրթաթոշակ յատկացուց ինծի, որպէսզի Անգլիա երթամ եւ ես յաճախեցի Լոնտոնի ֆիլմարուեստի դպրոցը (London School of Film Technique)։ Աւարտելէս ետք, բախտաւորութիւնը ունեցայ ընդունուելու նշանաւոր Old Vic Theatre School-ը ՝ որու 28 տեղերուն համար դիմած էին 1,700 ուսանողներ…
Հ. Միայն դերասանութի՞ւն ուսանեցաք։
Պ. Ոչ, երկու տարուայ ուսանողական շրջանը՝ դերասանութեան կողքին, ի միջի այլոց, կ՚ընդգրկէր ձայնամարզութիւն, բեմավարութիւն, մարմնական եւ դէմքի շարժուձեւերու տիրապետութիւն ու վերջապէս բեմադրութիւն՝ Անգլիոյ հռչակաւոր ուսուցիչներէն Ռուտի Շէլիի կողմէ։
Հ. Կրնա՞ք այդ դպրոցի նշանաւոր շրջանաւարտներէն մի քանին յիշել։
Պ. Այդ դպրոցը հիմնուած էր աշխարհահռչակ դերասան Պարոն (Sir) Լորընս Օլիվիէի կողմէ, իսկ հոնկէ շրջանաւարտ եղած են Պարոն Տանիէլ Տէյ-Լուիս, Ճէրըմի Այրընս, Ճին Ուայլտըր, Փաթրիկ Սթիուըրթ, Նաոմի Հէրիս եւ Սթէֆընի Քօլ։ Նաեւ ուրիշ շատեր՝ որոնք նշանաւոր են Անգլիոյ մէջ։
Հ. Անգլիա եղած ձեր շրջանին, որեւէ նշանաւոր անձերու հանդիպա՞ծ էք։
Պ. Շատ մը հիւր բեմադրիչներ եկած են մեր դպրոցը, որոնցմէ Պարոն Թայրոն Կաթրին զիս մեծապէս տպաւորած է։ Ան բեմադրեց Շէյքսփիրի “Measure for Measure” կատակերգութիւնը, որուն մէջ փոքր դերով մըն ալ ես հանդէս եկայ։ Իսկ Փիթըր Օ՚Թուլը օր մը մեզ հրաւիրեց Shepperton Studios, դիտելու “The Great Catherine” ֆիլմի նկարահանումը։ Կէսօրուան դադարին մեզ հրաւիրեցին ճաշարան, ուր հանդիպեցանք ֆիլմի դերասաններուն հետ։ Հոն էին Փիթըր Օ՚Թուլը, Քեթրին Տէնէօվը, Զիրօ Մօսթելն ու հայազգի Աքիմ Թամիրօֆը։ Վերջինս, երբ իմացաւ որ հայ եմ, ուրախութենէն աչքերը փայլատակեցան եւ հպարտութեամբ զիս ներկայացուց բոլորին ըսելով «Ծանօթացէք Գրիգորին, ինքն ալ հայ է՝ ինծի պէս»։
Հ. Old Vic-էն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ի՞նչ ըրիք:
Պ. Քավընթրի քաղաքի Պէլկրէյտ թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ուարըն Ճենքինզ մէկ տարուայ համար աշխատանքի իրաւունք ապահովելով, զիս հրաւիրեց որ ելոյթ ունենամ իրենց հետ։ Հոն բացառիկ պատեհութիւնը ունեցայ հանդիպելու թատրոնի մեծերէն Ուիլիըմ Ֆաքսին, Փիթըր Նիտհէմին, Էլիզապէթ Փաուըրին, Փիթըր Կիլմորին եւ Ճէնի Ասթընին։ Մեծապէս հպարտ էի, որ իմ մասնակցութիւնս կը գնահատուէր արհեստավարժ քննադատներու կողմէ, տեղական թերթերուն մէջ։
Հ. Ե՞րբ վերադարձաք Լիբանան։
Պ. 1968-ին վերադարձայ Լիբանան եւ հրաւիրուեցայ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին կողմէ աշխատելու որպէս թատրոնի դասախօս։ Միեւնոյն ժամանակ նշանակուեցայ ՀԲԸ Միութեան «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար։ Հիմնեցի նաեւ երիտասարդներու յատուկ թատերական դպրոց մը՝ ուսուցանելու դերասանութիւն եւ բեմին ետեւ աշխատելու ունակութիւն։ Եօթը տարի աշխատեցայ որպէս դասախօս եւ բեմադրիչ՝ հայ թէ օտար խումբերու հետ։ British Council-էն ներկայացուցիչ մը՝ տեսնելով աշխատանքս, գնահատական նամակ մը գրած էր Օլտ Վիք թատրոնի տնօրէնին, որ չուշացաւ զիս հրաւիրելու որպէս թատրոնի դասախօս՝ այդ դպրոցին մէջ։ Ամերիկեան Համալսարանի թոյլտուութեամբ, գացի Պրիսթոլ եւ տարի մը դասախօսելէ ետք, որոշեցի գաղթել Միացեալ Նահանգներ։ Հաւանաբար միակ հայն էի, որ արժանացած էի նման բացառիկ պատիւի մը։
Հ. Որքան կը յիշեմ, միակ բեմադրիչն էիք սփիւռքէն, որ հրաւիրուեցաք Սովետական Հայատան։
Պ. Այո։ 1972-ին, Երեւանի Դրամատիկական թատրոնի ղեկավար Հրաչեայ Ղափլանեան հրաւիրեց ՀԲԸ Միութեան «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը, որ իր ելոյթներով հանդէս գայ Հայաստանի մի քանի քաղաքներու մէջ։ Մենք՝ Ճորճ Ֆէյտոյի «Կասկածը կնոջ մտքին մէջ» եւ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» թատրերգութիւններով հանդէս եկանք նախ Երեւանի «Գաբրիէլ Սունդուկեանի» անուան պետական թատրոնին մէջ, ապա շրջեցանք Արտաշատ, Էջմիածին, Կիրովական եւ Լենինական քաղաքներ, իսկ մեր աւարտական ելոյթը տեղի ունեցաւ Երեւանի Դրամատիկական թատրոնին մէջ։ Ելոյթներէն ետք, վարպետ բեմադրիչ Վարդան Աճեմեան փորձեց համոզել զիս, որ մնամ Երեւան եւ աշխատիմ որպէս դերասան-բեմադրիչ Սունդուկեան թատրոնին։ Նոյն հրաւէրը ստացայ նաեւ Հրաչեայ Ղափլանեանէն, աշխատելու Երեւանի Դրամատիկական թատրոնին մէջ։ Պատասխանս նոյն էր, թէեւ մեծ պատիւ էր ինծի համար՝ սակայն պայմանագրուած էի աշխատելու Ամերիկեան Համալսարանին մէջ։ Դժբախտաբար պայմանագրութիւնս չվերջացած, Վարդան Աճեմեան կնքեց իր մահկանացուն։
Հ. Կը յիշեմ նաեւ, որ Վահրամ Փափազեան թատերախումբը Եւրոպա ալ գնաց։
Պ. Այո։ 1975-ին՝ նոյն թատերախաղերով հանդէս եկանք Լոնտոնի, Փարիզի եւ Նիկոսիոյ բեմերուն վրայ։
Հ. Կրնաք մեզի ըսել թէ ի՞նչ ըրիք, երբ Ամերիկա հասաք։
Պ. Ամերիկացի դասընկեր մը՝ Պրիսթոլի Օլտ Վիք թատերական դպրոցէն, որ կ՚աշխատէր Քոլոնէյտզ անունով թատերական ընկերութեան մը մէջ, ծանօթացուց զիս խումբին և անոնց հետ աշխատեցայ որպես բեմադրիչ ու դերասան:
Հ. Ինչպէ՞ս միացաք Նիւ Եորքի ՀԲԸ Միութեան։
Պ. Մինչ կ՚աշխատէի Նիւ Եորքի մէջ, ՀԲԸ Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանակային վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Արմինէ Սապահ-Կիւլեան զիս հրաւիրեց ժողովի մը, որուն ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Տիար Պերճ Սեդրակեանը։ Անոնք ինծի առաջարկեցին Գեղարուեստական Տնօրէնի պաշտօնը զոր ընդունեցի 4 Ապրիլ 1978-ին։
Նիւ Եորք եղած շրջանիս հիմնեցի վեց թատերական խումբեր. Նիւ Եորքի, Պոսթոնի, Տիթրոյթի, Ֆիլատէլֆիոյ, Պուէնոս Այրէսի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Անդադար կը ճամբորդէի վերոյիշեալ քաղաքները, տեղական ուժերով բեմադրելու զանազան թատերախաղեր։ Հիմնեցի նաեւ Նիւ Եորքի միակ հայկական հեռատեսիլի ծրագիրը “Spotlight Armenians” անուան տակ, որու վարիչ տնօրէնն ու խօսնակն էի անբողջ երկու տարի։ Այդ շրջանին, առիթը ունեցայ ծանօթանալու եւ մտերմանալու Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ։
Հ. Ե՞րբ տեղափոխուեցաք Լոս Անճելըս։
Պ. 1988-ին տեղափոխուեցայ հայահոծ Լոս Անճելըս քաղաքը։ Մեր լաւագոյն նախաձեռնութիւնն էր Հայաստանէն հրաւիրել հռչակաւոր դերասան-բեմադրիչ Մհեր Մկրտչեանն ու անոր տիկինը՝ Թամարա Յովհաննիսեանը, որոնք ՀԲԸ Միութեան «Արտաւազդ» թատերախումբին հետ ներկայացուցին Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար»ն ու Մարսէլ Փանեոլի «Հացագործին կինը»։ Այս երկու թատերախաղերով մենք շրջեցանք Ֆրեզնօ, Ֆիլատէլֆիա, Նիւ Եորք եւ Պոսթոն քաղաքները՝ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով ամենուրեք։
Հ. Գիտեմ, որ մի քանի տարի առաջ, ՀԲԸ Միութիւնը տօնեց ձեր գործունէութեան Յիսնամեակը։ Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս մասին։
Պ. Այո։ Արդարեւ, 30 Հոկտեմբեր 2011-ին՝ ՀԲԸ Միութիւնը պատուեց զիս, տօնելով թատերական գործունէութեանս յիսնամեակը։ Այդ առթիւ ստացայ գնահատագրեր Սուրբ Էջմիածինէն, ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական Վարչական Ժողովէն, ինչպէս նաեւ տեղական քաղաքական պաշտօնատարներէ ու հայկական կազմակերպութիւններէ։
Հ. Կը յիշեմ նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ անմասն չմնաց գնահատելու ձեր ներդրումը հայ թատրոնին ու մշակոյթին նկատմամբ։
Պ. Այո։ Արդարեւ, չորս թատերական եւ մշակութային հաստատութիւններ մեծարեցին զիս, որպէս անխոնջ խնկարկու հայ թատրոնին ու մշակոյթին։ Ուրեմն, 18 Օգոստոս 2013-ին, ձեռամբ Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան» թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար Փրոֆ. Երուանդ Ղազանչեանի՝ ստացայ հետեւեալ պատուանշանները.
* Հայաստանի Թատերական Գործիչներու ոսկէ մետալ
* Հայաստանի Թատերական Գործիչներու «Արտաւազդ» մրցանակ
* Ֆրիտիոֆ Նանսէնի ոսկեայ յուշամետալ
*Հայ Երգարուեստի Միութիւն հասարակական կազմակերպութեան «Գոհար Գասպարեան» յուշամետալ
Հ. Հայ գաղութին ծառայելէ անդին, որեւէ արհեստավարժ գործով զբաղա՞ծ էք։
Պ. Թատերական արհեստավարժ գործով ելոյթ ունեցած եմ Անգլիոյ, Նիւ Եորքի, Միշիկընի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Հեռատեսիլի դրուագներէն մաս կազմած եմ՝ ի միջի այլոց, “Suddenly Susan”, “The Team Night Rider”, “Mad TV”, “24” եւ “Alias”-ին։ Իսկ ֆիլմերէն մաս կազմած եմ՝ ի միջի այլոց, “Assignment Berlin”, “Chickpeas”, “After Freedom”, “Must Love Dogs”, եւ “Summerland”-ին։ Գալով բեմի վրայ խաղարկութեան, մաս կազմած եմ՝ Ճօ Քինկի բեմադրութեամբ, Շիրվանզադէի «Չար ոգի» եւ Նշան Փարլագեանի «Մեծ մայր, աղօթէ ինծի համար» թատերգութեանց մէջ։
Ինծի համար իսկապէս մեծ հաճոյք էր գործակցիլը Պրուք Շիլտսի, Քեթհի Կրիֆինի, Ճան Քուսէքի, Տայան Լէյնի, Քրիսթոֆըր Փլամըրի, Թիա Լիոնի, Ճորճ Ուէնտիի նման հռչակաւոր աստղերու հետ։ Իսկ յիշողութեանս մէջ անմոռանալի պիտի մնայ վեթերան դերասան Սեդրակ Վարդեանի հետ մեր հանդիպումը՝ հայազգի մեծանուն բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեանի հետ, Պէվըրլի Հիլզի իր բնակարանին մէջ։ Ան հետաքրքրուած էր տեղեկանալ հայ թատրոնի գործունէութեան մասին սփիւռքի մէջ եւ առ այդ սրտանց գնահատեց մեր ներդրումը՝ վառ պահելու մշակութային մեր ժառանգը։
Հ. Ինչու՞ չշարունակեցիք յարատեւել՝ արհեստավարժ ասպարէզին մէջ։
Պ. Հոլիվուտի մէջ անձ մը մեծ տարբերութիւն մը պիտի չընէ, սակայն անհատ մը հայ թատրոնին մէջ՝ հսկայ տարբերութիւն մը կրնայ ընել։ Ես տակաւին իմ յարաբերութիւններս չեմ խզած իրենց հետ, այն իմաստով, որ երբ որ պէտք ունենան, կը կանչեն զիս։ Կ՚ուզեմ, որ նոր սերունդը հետաքրքրուի մուտք գործել՝ արհեստավարժ այս ասպարէզին մէջ եւ ի պահանջեալ հարկին, պատրաստ եմ օգնելու իրենց։
Հ. Վերջերս, յայտագրի գրքոյկին մէջ կարդացինք, որ ձեր բեմադրած թատերգութիւններէն շատերը դուք էք որ կը թարգմանէք, Ճի՞շդ է։
Պ. Այո։ Ցարդ թարգմանած եմ 26 թատերախաղեր ֆրանսերէնէ եւ անգլերէնէ եւ չորս վէպեր վերածած եմ թատրերգութիւններու։ Հետաքրքրական է գիտնալ, որ Ամերիկայի տարբեր քաղաքներէ, Քանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, Աւստրալիայէն եւ Միջին Արեւելքէն՝ զանազան թատերախումբեր ինծմէ կը խնդրեն թարգմանած թատրերգութիւններս եւ ես սիրայօժար կ՚ընդառաջեմ, պարզապէս օգտակար հանդիսանալու համար իրենց։
Հ. Գիտեմ, որ դուք բեմադրած էք արհեստավարժ եւ սիրողական թատերախումբեր։ Կրնա՞ք ըսել, թէ ի՞նչ է տարբերութիւնը։
Պ. Ինծի համար շատ դիւրին է բեմադրել արհեստավարժ թատերախումբեր, քանի որ թեքնիք աշխատանքին համար (թարգմանութիւն, բեմի յարդարում, ձայնի եւ լոյսի գործածութիւն, հագուստներու ընտրութիւն, վարչական գործ եւ այլն) կան մասնագէտներ։ Սակայն, սիրողական թատերախումբին հետ, այդ բոլորը պէտք է ես յանձն առնեմ։
Հ. Ասոնց կողքին, դուք մենախօսութիւններով ալ հանդէս եկած էք, չէ՞։
Պ. Այդ աւանդութիւնը ես էի որ սկսայ Նիւ Ճըրզիի մէջ 1984-ին։ Ցարդ հանդէս եկած եմ երկտասնեակ մը մենախօսութիւններով՝ Ամերիկայի մէջ եւ Ամերիկայէն դուրս։ Այդ մենախօսութիւնները սատարած են շատ մը հայկական կազմակերպութիւններու նիւթական կարիքներուն։ Արխիւներուս մէջ կան եօթը մենախօսութիւններուս տեսաերիզները եւ այժմ կ՚աշխատիմ պատրաստել ութերորդը ։
Հ. Ցարդ՝ քանի՞ թատերախաղեր բեմադրած էք եւ քանիի՞ն մէջ դուք դեր վերցուցած էք։
Պ. Մինչեւ հիմա բեմադրած եմ 83 թատերախաղեր եւ դեր վերցուցած 86 թատերախաղերու մէջ, չորս լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն։
Հ. Ապագայի նկատմամբ ի՞նչ ծրագիրներ ունիք, այսինքն երբ Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնի հանդիսասրահին վերանորոգութիւնը աւարտի։
Պ. Նախ կ՚ուզեմ գրադարան մը կազմել՝ հայկական եւ թարգմանուած թատերախաղերու, որպէսզի անոնք մատչելի դառնան բոլոր թատերախումբերուն համար՝ աշխարհով մէկ։ Երկրորդ, կ՚ուզեմ հիմնել թատերական դպրոց մը՝ պատրաստելու դերակատարներ եւ թեքնիք աշխատողներ, երիտասարդ սերունդին համար։ Նաեւ կ՚ուզեմ զարկ տալ երաժշտական ելոյթներու եւ արուեստի ցուցահանդէսներու, քաջալերելու համար երիտասարդ եւ տաղանդաւոր սերունդը։
Շնորհակալութիւն Պրն. Սաթամեան ձեր ժամանակին համար եւ յաջողութիւն՝ ձեր ապագայի ծրագիրներուն:
Պ. Շնորհակալութիւն նաեւ ձեզի, որ այս առիթը ընծայեցիք ինծի։