Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, Շաբաթ, 4 Մարտ 2017-ին տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ժողով-հանդիպում մը, ԹՄՄ-ի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Ալթատինա, Քալիֆորնիա, քննարկելով կուսակցութեանս տեղական եւ ընդհանուր կացութիւնը։
Ժողովը վարեց Շրջանային վարչութեան անդամ ընկեր Կարօ Քիւփէլեան։
Յանուն Շրջանային վարչութեան ելոյթ ունեցաւ ատենապետ եւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկեր Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան։ Ան նշեց, որ ՌԱԿ-ը Արեւմտեան ափէն ներս ունի ուժականութիւնը վերանորոգուելու, շարունակելու համար իրեն վստահուած ազգային-գաղափարախօսական դերը։ Խօսելով կազմակերպչական ներքին վիճակին մասին, ան յոյս յայտնեց, թէ միասնական ջանքերով Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակին աշխատանքը աւելիով պիտի արդիւնաւորուի։
Ժողովին ներկայ վեթերան եւ վաստակաւոր ընկերներ խօսք առնելով բարձր գնահատեցին Շրջանային վարչութեան աշխատանքը։ Եղան կարծիքներու լայն փոխանակում, շինիչ առաջարկներ եւ թելադրութիւններ, աւելի՛ ծրագրեալ եւ ընդարձակ աշխատանքի համար։
Ժողովը իրազեկ պահեց անդամակցութիւնը անցնող 18 ամիսներու ընթացքին ՌԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին.
– Հաստատեց Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան հաւատարմութիւնը ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան որդեգրած կեդրոնաձիգ ղեկավարութեան հանդէպ.
– Կոչ ըրաւ այս ճակատագրական ժամանակաշրջանին առաւել եւս կազմակերպուիլ եւ վերանորոգուիլ.
– Նոր եռանդով շարունակել մասնակցութիւնը համայնքային բազմազան գործունէութիւններէ ներս.
– Նեցուկ կանգնիլ հայրենիքին եւ ամէն գնով օժանդակել անոր բարգաւաճումին, ամուր պահելով ՌԱԿ-ի հայրենասիրական դիրքորոշումը եւ շարունակել հայրենի պետականանութեան հետ համագործակցելու մեր կուսակցութեան աւանդական քաղաքականութիւնը.
– Կոչ ուղղեց անդամներուն հաւաքաբար աշխատանքի լծուիլ, յստակացնելով եւ իրագործելով Կուսակցութեանս անմիջական ծրագիրները.
– Դիմագրաւել եւ յաղթահարել Կուսակցութեան առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները.
– Անգամ մը եւս հաստատեց, որ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ տակաւին կարեւոր դեր ունի ընելու ՌԱԿ-ը, հետեւելով ժողովրդավարութեան եւ ՌԱԿ-ի գաղափարախօսութեան անշեղ ուղիին.
– Վերջապէս, պատասխանատուութեան ենթարկել Կուսակցութեան վարկը եւ հեղինակութիւնը վտանգող գործունէութիւններ եւ արհեստածին միաւորումներ ստեղծողները, աննահանջ պայքարելով անոնց դէմ։
Ժողովը աւարտեցաւ շրջանակէն ներս՝ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելու կոչերով, ՌԱԿ-ի կանոնագրութեան յարգումով, իւրաքանչիւր անդամի կողմէ պատասխանատուութիւններու ստանձնումով, սրբագրելով անցեալէն եկած սխալները, ինչպէս նաեւ՝ առաւել եւս կայացնելով նման հանդիպումներ, վերակազմակերպուելով, շարքերը աւելի եւս քով-քովի բերելով եւ խանդավառութիւնը վարակիչ դարձնելով միւս շրջանակներուն մէջ նոյնպէս։
Նման դրական ու գօտեպնդիչ ելոյթներով փակուեցաւ Շրջանային վարչութեան հրաւիրած ժողով-հանդիպումը։
ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
4 Մարտ 2017