Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՎԱՏԻԿԱՆ. Հռոմի Ֆրանսիսքոս Քահանայապետը Փետրուար 23-ի իր ելոյթին մէջ յայտարարած է. «Աւելի լաւ է անաստուած (աթէիստ) ըլլալ, քան թէ՝ կեղծաւոր քրիստոնեայ»։

ԱՄՆ. Միացեալ Նահանգներու ներքին անվտանգութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ անօրինական գաղթականներու զանգուածային եւ բռնի տեղահանում պիտի չիրականացուի։ Նախարար Ճոն Քէլի նշեց, որ նոր օրէնքը գործի պիտի դրուի կարգ ու կանոնով՝ յարգելով մարդու իրաւունքները եւ համաձայնեցնելով Մեքսիքոյի իշխանութիւններուն հետ։

ՍՈՒՐԻԱ. Աւելի քան 40 հոգի մահացած է Հոմսի մէջ, առնուազն վեց մահապարտներու կողմէ կատարուած անձնասպանական գործողութիւններէ ետք պետական շէնքերու քով։ Պատասխանատուութիւնները ստանձնած է «Ճէպհաթ էլ Նուսրա»ն։ Իսկ օր մը առաջ՝ ամսուն 24-ին, էլ Պապ քաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ, Սուրիոյ Ազատ Բանակի անցարգելին քով պայթած է ականապատ ինքնաշարժ մը, պատճառ դառնալով աւելի քան 60 զոհերու։

ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆ. Իրաքեան Քիւրտիստանը հանրաքուէով որեւէ ատեն կրնայ անկախութիւն առնել, նոյնիսկ առանց Պաղտատի հաւանութեան, յայտարարած է ինքնավարութեան նախագահ Մասուտ Պարզանին։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ. Պաշտօնազրկումներն ու նոր պաշտօններու նշանակումը կը շարունակուի Ատրպէյճանի մէջ։ Նախագահ Ալիեւ իր կինը՝ Մեհրիպան Ալիեւը առաջին փոխ նախագահ նշանակելէն ետք, անսպասելիօրէն պաշտօնէ հեռացուցած է իր ամէնէն ազդեցիկ նախարարներէն Զիա Մամետովը եւ լուծարած երթեւեկութեան նախարարութիւնը։ Մինչ այդ, լուծարած էր նաեւ ազգային անվտանգութեան նախարարութիւնը եւ պաշտօնազուրկ ըրած նախարար Էլտար Մահմուտովը, մեղադրելով զայն «պետական յեղաշրջման մէջ»։

ՖՐԱՆՍԱ. Կիրակի օր, Նանթ քաղաքին մէջ, շուրջ 2,000 ցուցարարներ բողոքած են Ազգային Ճակատ ազգայնական կուսակցութեան առաջնորդ Մարին Լը Փէնի դէմ, անոր նախընտրական հաւաքէն առաջ։ Վերջինիս վարկանիշը բարձր է. անոր ժողովրդականութիւնը 26 առ հարիւրի հասած է նախագահական ընտրութիւններէն առաջ։

ԹՈՒՐՔԻԱ. Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Ռէճէփ Էրտողան պայմանաւորուած են,  որ մօտ ապագային տեսակցին՝ անոնց վերջին հեռախօսազրոյցին ընթացքին, ուր Ալիեւ իր թուրք պաշտօնակիցը շնորհաւորած է անոր ծննդեան տարեդարձին առիթով։

ԱՄՆ. Միացեալ Նահանգներու աշխատանքի նախկին նախարար Թոմ Փերես ընտրուեցաւ Դեմոկրատական կուսակցութեան Ազգային կոմիտէի ղեկավար, Աթլանթայի մէջ տեղի ունեցած համագումարին ընթացքին։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ