Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

ՀՀԿ նախընտրական հարցեր կը դիմագրաւէ

Իշխող Հանրապետական կուսակցութեան երկու թեկնածուներ Մասիսի շրջանէն ուժային ձեւերով փորձած են լուծել իրենց տարակարծութիւնները, որուն պատճառով նախագահ Սարգսեան  Փետրուար 25-ին կուսակցական խորհրդակցութեան մը ընթացքին սաստած է, որպէսզի կարգն ու կանոնը պահպանուի նախընտրական արշաւի օրերուն։

Ընտրութիւններ եւ ընտրակաշառք

ՀԱԿ-ՀԺԿ դաշինքի համամասնական ցանկով պատգամաւորի թեկնածու Լեւոն Զուրաբեան ըսած է, որ իրենց դաշինքը պիտի առաջնորդուի «խաղաղութեան եւ բարիդրացիութեան կոչերով»։ Անոր կարծիքով, Հայաստանի քաղաքացիներուն 50-60 տոկոսը պատրաստ է ընտրել ընտրակաշառքի դիմաց։

Ռայիսա Մկրտչեան 75 տարեկան

Հայաստանի ժողովրդական երգչուհի Ռայիսա Մկրտչեանի 75-ամեակին առիթով, նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է, նշելով ան «հայ էստրադային արուեստի երեւելի եւ ինքնատիպ ներկայացուցիչներից է, ում նրբաճաշակ կատարումները նոր խօսք էին մեր երաժշտական մշակոյթում»։

Հայաստանի վարչապետը Վրաստանի մէջ

Պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան կը գտնուէր Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան։ Պաշտօնական այցելութիւններու շարքին, ան տեսակցած է նաեւ Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.-ին հետ, կարեւորելով երկու ժողովուրդներու դարաւոր կապը։

 

Մանկապատանեկան նոր կայք՝ «Հայկաշխարհ» կամ armlands.com

Փետրուար 21-ին, Երեւանի Սփիւռքի նախարարութեան շէնքին մէջ կայացաւ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան համապարփակ առաջին կայքի ստեղծման շնորհանդէսը։ Կայքի համացանցային հասցէն է armlands.com, որ պիտի գործէ Սեպտեմբեր 21-էն սկսեալ։

Կայքի գաղափարը յղացած է 9-ամեայ Արեգի Տաղլեանը, որ հայրենադարձ Յակոբ եւ Նայիրի Տաղլեաններու դուստրն է։ Նշենք, որ Նայիրի Մկրտիչեան հիմնադիրն է համացանցի «Եռագոյն» կայքին եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետն է։ Արեգին ծնած է Երեւան եւ կը յաճախէ Երեւանի «Եւրոպական վարժարան»ը։

 ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անդրադառնալով նորաստեղծ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքին ըսած է, թէ «Հայկաշխարհ»-ը նպատակ ունի դառնալու աշխարհի բոլոր մանկական կայքերուն եւ տպագիր թերթերուն շտեմարանը»։ Նախարարը ընդգծած է, որ կայքի կայացման համար անհրաժեշտ է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մանուկներու, պատանիներու, ուսուցիչներու եւ մանկական թերթերու աջակցութիւնը։

Կայքը կը ներառէ փոքրիկներու անկիւն (4-8 տարեկաններու համար), մանկապատանեկան, ժամանցային, նորութիւններու բաժիններ, շտեմարան, խօսակցելու բաժին եւ այլն (9-16 տարեկաններու համար): «Արդէն սկսած են այլ մանկապատանեկան թերթերու հետ աշխատանքները եւ համագործակցութիւնը: «Կարծեմ Հայկաշխարհի «բնակիչներուն» առաւելաբար պիտի հետաքրքրէ «Մենք» բաժինը, ուր պիտի տեղադրուին անոնց ստեղծագործութիւնները, իրենց քաղաքներու, դպրոցներու եւ համայնքի մասին իրենց նախաձեռնութեամբ նկարահանուած նիւթերը: Իսկ «Խօսակցիլ» բաժնին մէջ՝ երեխաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան առցանց իրարու հետ հաղորդակցելու», նշեց Ն. Մկրտիչեան:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ