Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրամփ «զաւեշտ» կոչած է CNN-ի եւ “New York Times”-ի նման լրատուամիջոցներ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեղադրած է CNN հեռատեսիլի ընկերութիւնը եւ “New York Times”-ը կեղծ լուրեր տարածելու մէջ։ Թուիթըրի վրայ ան գրած է, թէ «կեղծ լուրեր տարածող լրատուամիջոցները դիտումնաւոր կերպով չեն ըսեր ճշմարտութիւնը։ Մեր երկրին համար մեծ վտանգ ներկայացնող պարբերականը սխալներ թոյլ կու տայ եւ զաւեշտ դարձած է CNN-ին նման։ Ցաւալի է», եզրափակած է Թրամփ։

Նախապէս CNN, New York Times, Politico եւ Los Angeles Times լրատուամիջոցներուն արգիլած էին լուսաբանել Սպիտակ Տան մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցը։

Իսկ այդ դէպքէն առաջ, նախագահ Թրամփի կողմէ «ազգի թշնամիներ» որակուած էին վերոյիշեալներուն կողքին NBC-ն, ABC-ն եւ CBS-ը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ