Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ատրպէյճան ձախող փորձեր կը կատարէ ներխուժելու Արցախ

Անցնող օրերուն յարձակման փորձերը սաստկացուց Ատրպէյճան, հարուած հասցնելով ղարաբաղեան խնդիրին խաղաղ կարգաւորումին ուղղուած Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի ջանքերուն։ Հայկական կողմը դուրս շպրտած է հակառակորդի զինուորները չէզոք գօտիէն։

Նշենք, թէ երկու տարբեր ուղղութիւններով ամսուն 25-ի փորձերը ձախողած էին, եւ հակառակորդին հակահարուած տալէ ետք, ազերիներ տուած են կորուստներ եւ նահանջած։

Հայկական կողմը կորուստներ չունի։

Իսկ Կիրակի առաւօտեան ժամերուն մասնաւորաբար Թալիշ գիւղի ուղղութեամբ, հայկական դիրքերու վրայ արձակուած է աւելի քան 2,200 կրակոց։

Ռազմական փորձագէտ եւ քաղաքագէտ Սերկէյ Մինասեանի կարծիքով, Ատրպէյճան իրավիճակը վերջին օրերուն սրեց այն պատճառով, որ կ՚ուզէ Հայաստանին եւ աշխարհին ցոյց տալ, որ գոհ չէ ներկայ իրավիճակէն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ