Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց լեզուն անաղարտ պահենք. Հայրենասէր, ազգասէր, բայց ոչ հայերէնասէրները

ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ

«Մեսրոպեան Ուխտ Լեզուապահպանութեան Միութիւն»

 

Հայ ազգը դարերու ընթացքին ենթարկուած է տարբեր օտար ազգերու տիրապետութեան եւ լուծին եւ որպէս արդիւնք կամայ թէ ակամայ ունեցած անոնց ազդեցութիւնը իր կենցաղին եւ մշակոյթին վրայ։ Անառարկելի են այս ազդեցութիւնները, որոնք մասամբ արմատացած են որպէս ժանգ եւ երբեմն անկէ ձերբազատուիլ անկարելի դարձած ըլլալ կը թուի։ Երբ մեր անձնական անուններն ու ազգանունները վերլուծենք եւ ուսումնասիրենք կը նկատենք պահլաւական, պարսկական, հռոմէական, բիւզանդական, յունական, արաբական, ֆրանսական, ռուսական, եւրոպական եւ ամերիկեան ազդեցութիւն, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի… Երբ մեր լեզուն ուսումնասիրենք, մանաւանդ բառապաշարը, ինչպէս Հրաչեայ Աճառեանը կը հաստատէ 15 օտար լեզուներէ փոխառութիւն եղած է, բառեր որոնք նոյնութեամբ պահուած են ինչպէս՝ ազգ-պահլաւերէն, կանոն-յունարէն, կամ ալ մասամբ բարեփոխուած եւ իւրացուած են, ինչպէս՝ թշնամի-տուշման պահլաւերէն, կեդրոն-յունարէնէ, դաստակ=տաս+տակ պահլաւերէն, սակայն հիմնական հարցը Հայաստանի մէջ ապրող հայութեան նկատելի հատուած մը չ՚ուզեր ըմբռնել, որ անհարկի փոխառութիւնը կ՚առաջնորդէ օտարամոլութեան։ Թէեւ այս անձերը ազգասէր, հայասէր եւ հայրենասէր են, սակայն հայերէն լեզուն այնքան չեն սիրեր, որ մաքուր բառապաշարով հայերէն խօսին եւ գրեն։ Ասոնց մէջ նկատելի թիւ կը ներկայանայ պետական պաշտօնի տէր եւ բարձրագոյն ուսում առած անձեր Հայաստանի մէջ, որոնք ղեկավարներ են կամ ալ առաջնորդներ՝ արուեստի, գեղարուեստի, շարժանկարի, հեռատեսիլի եւ տպագիր մամուլի մարզին մէջ… Զարմանալին այն է, որ այս անհատները հակառակ եղած քննադատութիւններուն եւ նկատողութիւններուն, կը շարունակեն իրենց օտար էշը քշել փոխանակ հայկական նժոյգին…։

Այնքան արմատացած է օտարաբանութիւնը Հայաստանի որոշ հատուածի մը մէջ, համալսարանի դասատուներէն, կաճառականներէն (ակադեմիկոս) մինչեւ նախարարները, գիւղապետները, որոնք նուազագոյն ջանք ցոյց չեն տար մաքուր հայերէն բառապաշար գործածելու… ինչո՞ւ այս հայերէնախոյս վարմունքը… ինչո՞ւ այս անտարբերութիւնը… ինչո՞ւ մեր հարազատ նախնիներու գործածած բառապաշարը պիտի չգործածուի Հայաստանի մէջ եւ օտարէն մուրացած բառեր գործածուին։

Ինչպիսի՞ հայրենասէր եւ ազգասէր անձեր են, որոնք հակառուս արտայայտութիւններ կ՚ընեն դիմատետրի կամ հեռատեսիլի մէջ եւ սակայն իրենց ելոյթներուն մէջ կը վխտան ռուսերէն բառեր, հակառակ որ Հայաստանի մէջ իրենց բարձրագոյն ուսումը ստացած են։

Իսկ թատերա-երաժշտական եւ գիտական մարզի մէջ յառաջացածները կը յամառին անդրդուելիօրէն կառչիլ յունա-լատինա-անգլօ-ֆրանսերէն եզրերուն, իսկ հայերէն բառերը կը լքեն բառարաններու մէջ թաղուելով մոռացութեան մատնելու։

Օրինակներով խօսինք.                            

Լատինա-իտալա-ֆրանսերէն                 

Լիբրէտտօ=գրքոյկ

Սիմֆոնիա=համանուագ

Կոնսերվատորիա=երաժշտանոց

Մաէստրօ=վարպետ

Օպերա=թատրերգութիւն

Բալէտ=թատերապար

Կոնսերտ=համերգ

Ռուսերէն

Կոնկրետ=ստոյգ, իսկապէս, հաստատ

Ինֆորմացիա=տեղեկատուութիւն

Միգրացիա=գաղթ

Օկուպացիա=գրաւում       

Կորուպցիա=փտածութիւն, կաշառակերութիւն          

Սենսացիոն=զգայացունց              

Էմոցիոնալ=յուզական                   

Իսկ շարժապատկերի մարզին մէջ գործածուած բառերուն մեծամասնութիւնը օտար են։ Եթէ հայ մը օտար եւրոպական լեզուներու ծանօթ չէ, Հայաստանէն ելոյթ ունեցողի ըսածը մասամբ չի հասկնար։

Նշենք մի քանի բառեր.

Օպերատոր=նկարահանող

Ցենար=տեսարան, բեմագրութիւն

Պլատֆորմ=հարթակ

Ռեժիսոր=բեմադրիչ

Պրոդիւսըր=արտադրող

Ռէալ=իրական

Ֆանտաստիկ=երեւակայական

Ժիւրի=դատակազմ, ատեան, մրցատեան

Սեզոն=եղանակ

Ժանր=սեռ, տեսակ

Ուստի, հարց կը ծագի, թէ Հայաստան անկախութենէն 25 տարի ետք, երբ իր խորհրդարանը ունի, դրամանիշը ունի… ինչո՞ւ իր օտարաբան փտածութիւնը թօթափած հայկական մաքուր բառապաշարով հայերէն լեզուն չունի Հայաստանի մէջ։

Ինչո՞ւ Ազգային Ժողովի մէջ պատգամաւորներու, վարչապետի, նախարարներու բառացանկին մէջ պէտք է հնչեն՝

օբյեկտիւ=առարկայական

Սուբյեկտիւ=ենթակայական

Էֆեկտիւ=արդիւնաբեր, ազդեցիկ

Բիզնէս=գործարք, գործարարութիւն, զբաղմունք

Պլանաւորել=ծրագրել, ծրագրաւորել

Ֆիքսել=որոշել, հաստատել, ամրագրել

Բիւդջէ=ամավարկ, ծախսագումար

Դէֆիսիտ=պակասոյթ

Սոցիալ=ընկերային

Ասոցիացիա=ընկերակցութիւն

Էներգիա=ուժանիւթ, ներուժ, ուժականութիւն

***

Ի՞նչ արգելք եւ պատճառ կայ մեր հարազատ մայրենի լեզուն մեր հարազատ մաքուր հայերէն բառապաշարով չարտայայտելու Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, համալսարանի ամպիոններէն կամ հեռատեսիլի պաստառներէն։

Հայաստանի եւ աշխարհացրիւ հայը պարտաւոր է բացի ազգասէր, հայասէր, հայրենասէր ըլլալէ, նաեւ պէտք է հայերէնասէր ըլլալ եւ այդ օրինակը պէտք է տան Հայաստանի Ազգային Ժողովի մէջ ելոյթ ունեցող վարչապետը, նախարարներն ու պատգամաւորները։

Մեր պահանջածը պարզ ու յստակ ամրագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է»։

Խնդրելով կը պահանջենք, որ այս օրէնքը յարգուի բոլորէն, քանզի հայերէնը իր մաքուր բառապաշարով մեր էութեան մաս կը կազմէ…։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ