Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

ԶԱՆԱԶԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ

     Մարտ եւ Ապրիլ ամիսները Լոս Անճելըսի գաւառի զանազան քաղաքներու եւ կրթական խորհուրդներու ընտրութեան շրջանն է:

     Ուրախ ենք տեսնելու, թէ մեր հայ երիտասարդները մեծ խանդավառութեամբ կը մասնակցին այդ ընտրութեանց եւ յուսով ենք, որ անոնք փայլուն յաջողութեամբ կարենան ընտրուիլ իրենց պաշտօններուն:

     Վերջին 25-30 տարիներուն մեծ հետաքրքրութիւն կայ մեր երիտասարդութեան մօտ նման քաղաքական պաշտօններ ստանձնելու համար:

     Բարի երթ բոլորին:

 

“Smart Nation: A Blue Print for Armenia”

     Փետրուար 19-ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ հեղինակին կողմէ ներկայացուեցաւ Սասուն Գրիգորեանի “Smart Nation: A Blue Print for Armenia” հատորը: Սասուն Գրիգորեան միջազգային քաղաքականութեան մասնագէտ է: Աւարտած է Աւստրալիոյ համալսարանը: Աշխատած է Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ:

    Այս գիրքով, հեղինակը կը շեշտէ, որ հայութիւնը ամենայն խոնարհութեամբ պէտք է օգտագործէ այն բացայայտ ճշմարտութիւնը, թէ ինք աշխարհի ուսեալ եւ խելացի ժողովուրդներէն մէկն է: Ունի հզօր Սփիւռք եւ մեծաթիւ մասնագէտներ աշխարհի տարածքին:

 

    «ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐՏԷՍԸ» ՖԻԼՄԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՆԸ

      Կիրակի, Մարտ 5, 2017, ժամը 4-ին անգլերէն խօսուն եւ ժամը 7-ին հայերէն խօսուն երկու անգամով ցուցադրուեցաւ «Փրկութեան քարտէսը» ֆիլմը, Հոլիվուտի աշխարհահռչակ Paramount Pictures Studio շքեղ սրահին մէջ:

    «Map of Salvation/Փրկութեան քարտէսը» ֆիլմը նկարահանուած է Լիբանանի, Դանիոյ, Նորվեկիոյ, Շուէտի, Գերմանիոյ, Էսթոնիոյ, Յունաստանի, Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ:

    Ֆիլմը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք հայութեան օժանդակած անձնաւորութեանց հինգ հոգիի՝ Քարէն Եփփէ, Աննա Հետվիք Պուկլի, Պոտիլ Քաթրին Պիոռնի, Մարիա Եագոպսընի եւ Ալմա Եոհանսընի, որոնք մարդասիրական մեծ աշխատանք տարին հայութեան օգնելու եւ անոր որբացած զաւակներուն ապաստան, սնունդ եւ հագուստ հայթայթելու:

     Ցուցադրութեան հասոյթէն մաս մը պիտի տրամադրուի Սուրիահայութեան եւ Արցախի բարեսիրական ծրագիրներուն:

 

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ «ՈՒՐԱՑՄԱՆ ԱՐԱՏ» ՑՈՅՑԵՐ

      Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան համալսարաններու կողմէ 70 միլիոն տոլարէ աւելի ներդրումներ ետ քաշելու նպատակաւ, համալսարաններու եւ քոլէճներու Հայ Ուսանողական Միացեալ Մարմինը, Քալիֆորնիոյ 18 համալսարաններու եւ քոլէճներու մէջ «Ուրացման արատ» խորագիրով ցոյցեր կազմակերպեցին, կոչ ընելով կրթական ղեկավարութեան ետ քաշելու համար Թուրքիոյ մէջ ներդրած գումարներ:

     Ցոյցերը տեղի ունեցան Փետրուար 9-ին:

 

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

     Լոս Անճելըսի եկեղեցական, դպրոցական, մշակութային եւ հայրենակցական միութիւնները շատ ճոխ յայտագիրներով՝ արտասանութիւններով, երգերով, կենդանի պատկերներով եւ բանախօսութիւններով ոգեկոչեցին՝ «վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց» նահատակուած Վարդանանց պատերազմի զոհերուն յիշատակը, ինչ որ լաւագոյն ձեւով բնութագրած է մեր բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեանը.

          «Դարերը կ՚անցնին, բայց Վարդան քաջ,

          Բայց Վարդանը սուրբ կ՚երթայ միշտ յառաջ»:

    Արդարեւ, որքան ժամանակը կ՚անցնի, այնքան աւելի կ՚իմաստաւորուի Վարդանանցի ոգին եւ նահատակութեան իմաստը: Աւելի կը պայծառանայ անոնց անունը եւ նահատակներուն յիշատակը: Այնպէս որ 451 թուականէն ի վեր այս պատերազմը եղած է հայ ժողովուրդի գոյատեւման կողմնացոյցը:

 

ՍՔԱԹ ԱՊՐԸՄՍԸՆԻ ՀԱՏՈՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

      Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Դոկտորի կոչումի թեկնածու՝ Սքաթ Ապրըմսընի (Scott Abramson) հրատարակած «Արեւելքի մէջ հայութեան ունեցած շինիչ դերակատարութիւնը» հատորը ներկայացուեցաւ «Ապրիլ» գրատան մէջ Երեքշաբթի, Փետրուար 28-ին:

    Հեղինակը այս հատորով կը ներկայացնէ հայերուն բերած նպաստը Միջին Արեւելքի շինարարական գործերուն մէջ:

 

ԴՈԿՏ. ԼԵՒՈՆ ՉՈՒՔԱՍԶԵԱՆԻ ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

     Երեւանի Պետական համալսարանի հայկական արուեստի մասնագէտ, Դոկտ. Լեւոն Չուքասզեան Հինգշաբթի, Փետրուար 7-ին, Քալիֆորնիոյ նահանգի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հայագիտական ամպիոնի հրաւէրով դասախօսութիւն մը տուաւ «Պատմական մետաքսի ճամբան եւ հայկական հիւսուածեղէնի պատմութիւնը» նիւթով։ Դասախօսութեան ընթացքին նկարներու եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ աւելի հետաքրքրական եղաւ այդ իրապէս շահեկան դասախօսութիւնը:

 

 ARMENIAN ALLIED ART ASSOCIATION

     AAAA հիմնուած է 1934-ին, քաջալերելու եւ բացայայտելու հայկական ծագում ունեցող երիտասարդներուն տաղանդները, յատկապէս երաժշտութեան, գրականութեան, արուեստի, թատրոնի եւ ֆիլմարուեստի մէջ:

     Այս միութեան առաջին մրցանակներուն արժանացած են Ուիլիըմ Սարոյեան, Քերօ Անթոյեան, Տան Ալթուն, Իզապէլ Պայրաքտարեան եւ ուրիշներ:

    Այս տարի տեղի պիտի ունենան միութեան 77-րդ տարեկան մրցումները, որոնք սկսան Փետրուար 28-ին եւ կ՚աւարտին Մայիս 20-ին: Մրցանակներու յանձնումը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի ՀԲԸՄիութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ:

 

«ԼԱՐՔ» ԵՐԱԺՇՏԱՆՈՑԻ «ԴԻԼԻՋԱՆ» ՄԻԱՒՈՐԻ ԵԼՈՅԹՆԵՐԸ

     Կիրակի, Փետրուար 19-ին, Լոս Անճելըսի «Զիփըր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լարք» երաժշտանոցի «Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան 12-րդ համերգը: Այս բաժնի վարիչն էր Մովսէս Պօղոսեան:

     «Երեւակայութիւն» խորագիրը կրող այս համերգը նուիրուած էր Ռաւելի, Տեպիւսիի, Տութիոյի, Աւանեսովի եւ Պետրոսեանի գործերուն: Համերգի մենակատարներն էին հայ եւ օտար տաղանդաւոր երաժշտագէտներ:

 

«ԱՆ ԿԸ ՍԻՐԷ» ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ

     Լոս Անճելըսահայ գաղութին մէջ ծնունդ առաւ շատ հետաքրքրական համախմբում մը, որուն անունն է «Ան կը սիրէ» (She Loves): Այս նոյն անունին տակ ցուցադրուեցան 45 արուեստագէտներու գործեր Լոս Անճելըսի «Հանիսփաթ» ցուցադրասրահին մէջ, Փետրուար 10, 11, 12-ին։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Մոզայիք» հիմնադրամի եւ «Ան կը սիրէ» համախմբումին կողմէ:

 

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ԴՈԿՏ. ՄԱՐՔՕ ՊՐԱՄՊԻԼԼԱՅԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

     Դոկտ. Մարքօ Պրամպիլլա ծանօթ ճարտարապետ մըն է Լոս Անճելըսի գաղութին մէջ: Մօտ 35 տարիէ ի վեր Մարքօ Պրամպիլլա հայկական բազմաթիւ շէնքերու ճարտարապետական քարտէզներ պատրաստած է: Ուսանած է Գերմանիա, Ֆրանսա եւ շրջանաւարտ եղած է Հռոմի Ճարտարապետական դպրոցէն: Դասախօսած է Հռոմի, Ամերիկայի եւ Իրանի համալսարաններուն, հայկական եւ իսլամական ճարտարապետութիւն դասաւանդելով UCLA-ի մէջ:

     Կիրակի, Փետրուար 19, 2017, կ. ե. ժամը 1-ին Լա Քրեսանթա Հովիտի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, որ նուիրուած էր «Հայ ճարտարապետութիւնը Կիլիկիոյ թագաւորութեան» նիւթին:

    Բանախօսը սահիկներով եւ նկարներով խօսեցաւ Կիլիկիոյ ճարտարապետական շէնքերուն ու եկեղեցիներուն մասին:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ –  “CELEBRATING THE FUTURE”

     Մարտ 4, 2017, Newport Beach Country Club-ի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Համագումարի “Celebrating The Future” անունով կազմակերպած ճաշկերոյթ պարահանդէսը:

     Այդ օր, Համագումարը արդար հպարտութեամբ նշեց ԱՄՆ առաջին փորձառական (Internship) ծրագրին 40 ամեակը, ուր ամէն տարի, ամառուայ շրջանին 8 շաբաթ հայ երիտասարդները, Համագումարի ծախսերով փորձառական շրջան մը կ՚ունենան, աշխատելով ԱՄՆ մեծագոյն ընկերութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մէջ:

     Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Համագումարի փորձառականի շրջանաւարտներէն՝ Քէթրին Սարաֆեան եւ Միսքէլ Աղպապեան:

     1977-ին, քառասուն տարի առաջ, Համագումարը սկսաւ այս ծրագիրը եւ առայսօր տուած է 1000-է աւելի շրջանաւարտներ:

 

ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

ԱՐԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

     Փասատինայի Men’s  Club Յանձնախումբը, Հինգշաբթի, Փետրուար 16-ին կազմակերպած էր ընթրիք-դասախօսութիւն մը: Դասախօսուհին էր՝ Սեդա Ղազարեան (Հայաստանէն): Ան հիմնադիրներէն է Հայաստանի Մայրատուն կազմակերպութեան:

    ACCF Հայաստանի մէջ “Light of Hope” անունով ծրագիր մը ունի, որ կ՚օժանդակէ բռնաբարուած կիներուն, անոնց կերակուր, հագուստեղէն եւ սնունդ հայթայթելով:

 

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺՆԻ 40-ԱՄԵԱԿԸ

   Կիրակի, Մարտ 19-ին տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ

նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հայկական բաժնի տարեկան ճաշկերոյթը՝ Fort Washington Club-ի մէջ: Այդ օր պիտի նշուի հայկական բաժնի հիմնադրութեան 40-ամեակը:

    Օրուան գլխաւոր բանախօսն է Սան Խոզէ նահանգային համալսարանի նախագահ՝ Դոկտ. Մարի Բաբազեան: Ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլայ Ֆրեզնոյի նահանգային համալսարանի նախագահ՝ Դոկտ. Ճօզէֆ Քասթրօ: Այդ օր պիտի յայտարարուի հայկական բաժնի կրթաթոշակին արժանացած ուսանողներուն անունները:

    Յիշենք, թէ Ֆրեզնոյի նահանգային համալսարանի հայկական բաժնի ղեկավարն է Դոկտ. Պարլօ Մկրտիչեան: Այս բաժանմունքը շատ աշխոյժ գործունէութիւններ կը ծաւալէ Ֆրեզնոյի մէջ եւ ունի իր «Շարժում» թերթը:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ