Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԱՄՆ. Միացեալ Նահանգներ նոր կեդրոններ կը ստեղծէ Միջին Արեւելքի մէջ։ Փենթակոնը որոշած Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ռազմական նոր  յատուկ ստորաբաժանումներ տեղադրել, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը աւելի լաւ կազմակերպելու համար։ Այդ երկիրներու շարքին են Եմէնը, Սուրիան եւ Իրաքը։

ՀԻՒՍ. ՔՈՐԷԱ. Ճափոնի վարչապետը յայտարարած է, որ Հիւսիսային Քորէան նոյն ատեն չորս «պալիսթիք» հրթիռ ղրկած է Ճափոնական ծովուն ուղղութեամբ։ Իսկ Հիւսիսային Քորէան չէ մանրամասնած, թէ ճիշդ քանի՞ հրթիռ արձակուած է եւ ինչ տեսակի։

ԹԵՀՐԱՆ. «Իսրայէլ կը փորձէ վնաս հասցնել իրանա-ատրպէյճանական կապերուն», յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին։

ԻՐԱՔ. Իրաքի բանակը դէպի արեւմտեան Մոսուլ տանող կամուրջ մը եւս գրաւած է «Իսլամական պետութեան» գրոհայիններուն ձեռքէն։

ԳԵՐՄԱՆԻԱ. Վարչապետ Անկելա Մերքել շատ հաւանաբար Մարտ 14-ին Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունենայ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին հետ։

ԱՄՆ. Գլխաւոր դատախազ Ճէֆ Սեշընզ բացատրագիր պիտի ներկայացնէ նախընտրական շրջանին ռուս պաշտօնեաներու հետ իր շփումներուն մասին։ Ան կը մեղադրուի անցնող ամիսներուն ռուս դեսպան Սերկէյ Քիսլեաքի հետ փակ հանդիպումներ ունենալու մէջ։ Այդ մասին Սեշընզ տեղեակ պահած չէր Քոնկրէսը, իր նշանակումին առթիւ եղած լսումներուն ատեն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ