Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Լաւրով. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան հեռու են համաձայնելէ»

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հեռու են համաձայնելէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի առանցքային հարցերուն մէջ, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, ատրպէյճանցի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետիարովի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Թէեւ կարգ մը յառաջխաղացումներ եղած են, սակայն 2-3 յստակ խնդիրներ կան, որոնք առանցքային են եւ տակաւին քննարկումի ենթակայ։

Միւս կողմէ,  արցախա-ատրպէյճանեան սահմանը կը մնայ լարուած եւ ամէն օր հրադադարը Ատրպէյճանի կողմէ կը խախտուի բազմաթիւ անգամներ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ