Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրամփ-Օպամա հակադարձ արտայայտութիւններ

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի մամլոյ խօսնակը կտրականապէս հերքած է նախագահ Թրամփի վերջին յայտարարութիւնները, որոնց համաձայն նախընտրական շրջանին վերջինիս հեռաձայնային զրոյցները գաղտնալսուած են Օպամայի անմիջական հրամանով։ «Այս կրնայ նոր Ուոթըրկէյթ դառնալ, գրառում կատարած էր նախագահ Թրամփ Թուիթըրի իր էջին վրայ։ Իսկ Օպամայի ներկայացուցիչ Քեւըն Լեւիս յայտարարած է, որ նախագահ Թրամփի պնդումները «պարզ կեղծիք են»։

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնային գրասենեակը (FBI) պաշտօնապէս դիմած է արդարադատութեան նախարարութեան՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին յայտարարութիւններուն առթիւ պաշտօնական քննութիւն սկսելու խնդիրով։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ