ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփը նոր հրամանագիր ստորագրած է, դադրեցնելով հիմնականին մէջ մահմետական բնակչութեամբ վեց երկիրներու՝ Իրանի, Եմէնի, Լիպիոյ, Սուրիոյ, Սոմալիի եւ Սուտանի քաղաքացիներու համար ԱՄՆ 90-օրեայ մուտքի հնարաւորութիւնը:
ԱՄՆ գաղթականներ ընդունելու ծրագիրը պիտի դադրեցուի 120 օր:
Նոր հրամանագիրը ուժի մէջ պիտի մտնէ Մարտ 16-ին: Այսպիսով, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի յաջողուի խուսափիլ քաոսէ. բան մը, որ օդակայաններու մէջ տեղի ունեցաւ նախորդ հրամանագիրէն առաջ։