Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՍՈՒՐԻԱ. Մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ զոյգ պայթիւններու զոհ գացած են աւելի քան 40 քաղաքացիներ, կան 100-է աւելի վիրաւորներ։ Թիրախը շիի ուխտաւորները եղած են։

ՊԱՔՈՒ. Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Մարտ 11-ին յայտնեց, որ կորսնցուցած է մէկ զինուոր «Շաբաթ առտու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»։ Սպաննուած զինուորին անունն է Չինկիզ Հասանալի օղլու Ապասով։

ԹՈՒՐՔԻԱ. ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու վարչութեան զեկոյցին մէջ Թուրքիա կը մեղադրուի իր երկրի քիւրտ բնակչութեան իրաւունքները զանգուածաբար խախտելու մէջ։ Փաստաթուղթին մէջ կ՚ըսուի, թէ 2015 Յուլիսէն մինչեւ 2016 Դեկտեմբեր Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը մօտ երկու հազար մարդ սպաննուած է եւ անոնց տուները ոչնչացուած են։

ԱՄՆ. Peace of Art-ը Մէսէչուսէցի 7 մայրուղիի վրայ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ելեկտրական վահանակներ պիտի տեղադրէ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն, յիշելով Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցը։

ԼԻՊԻԱ. Ռուսական յատուկ նշանակութեան ջոկատ մը տեղակայուած է Լիպիոյ սահմանէն վաթսուն մղոն անդին, Եգիպտոսի մէջ։

ՍԿՈՎՏԻԱ. Սկովտիոյ առաջնորդը յայտարարած է, որ սկսած են իրաւական նոր գործընթաց անկախութեան հանրաքուէի համար, որուն արդիւնքին համաձայն, Սկովտիա կրնայ դուրս գալ Միացեալ Թագաւորութենէն։

ԹՈՒՐՔԻԱ. Թուրք-հոլանտական դիւանագիտական պատերազմը կը շարունակուի։ Թուրքիան անտեսած է Եւրոպական Միութեան հանդարտեցման կոչերը, շարունակելով խզել իր կապերը Հոլանտայի հետ։

ՍՈՒՐԻԱ. Սուրիոյ մէջ ընթացող հակամարտութեան մէջ զոհուած են շատ լրագրողներ։ Ոմանք ալ ստիպուած լքած են երկիրը, սակայն կայքերու միջոցով լրատուութիւնը կը շարունակուի երկիրէն։ Վերջերս պարզ դարձած է, որ Քարթըրի անուան ամերիկեան կեդրոնը տեղեկութիւն տրամադրած է Սուրիոյ մասին Ռուսիոյ նախագահ Փութինին։

ԱՄՆ. Երեքշաբթի օր ԱՄՆ-ի հիւսիսային հատուածի բնակիչները օրը սկսան ձիւնաբուքով, ազդելով շուրջ 50 միլիոն բնակիչի վրայ։ Փակուած են օդակայանները, Գերմանիոյ առաջնորդին այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ յետաձգուած է մինչեւ Ուրբաթ։ Նիւ Եորքի քաղաքապետը առաջարկած է, որ քաղաքին բնակիչները տունը մնան։ Նոյնն է վիճակը մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ։

ԳԵՐՄԱՆԻԱ. Արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուցած է Թուրքիա մեկնող իր քաղաքացիները, որ զգուշանան քաղաքական միջոցառումներէն եւ բազմամարդ հաւաքներէ Թուրքիոյ մէջ, Ապրիլ 16-ին նախատեսուած սահմանադրական հանրաքուէի կապակցութեամբ նախազգուշութիւններ ձեռք առնելով։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ