Շուրջ 20 միլիոն մարդ, հիմնականին մէջ Եմէնի, Հարաւային Սուտանի եւ Նիկերիոյ մէջ, կանգնած է սովամահութեան շեմին։
ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով յանձնակատար Սթիվըն Օ՚Պրայընը վերջին ամիսներուն արդէն երկրորդ անգամ ահազանգ կը հնչեցնէ, նշելով, որ շրջանէն ներս սովի վտանգ կայ, սակայն, միջազգային կազմակերպութիւնները չեն յաջողիր օգնութիւն տրամադրել, տարբեր երկիրներու մէջ շարունակուող ռազմական բախումներու պատճառով։