ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլանտ կը յուսայ, որ մօտիկ ապագային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպում մը տեղի կ՚ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի գծով. նման յայտարարութեամբ Պաքուի մէջ հանդէս եկած է ան։ Նշենք, որ երեք համանախագահները Մարտ 11-ին մեկնած էին Ատրպէյճան։
Հոկլանտ Պաքուի մէջ նշած է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը տարբեր է յետ-խորհրդային տարածքի այլ հակամարտութիւններէ։ Ան յոյս յայտնած է, որ 2016-ի Ապրիլի պատերազմին առաջին տարելիցը պէտք է դիմաւորել բանակցային սեղանի շուրջ եւ երեք համանախագահներն ալ դէմ են ռազմական ձեւերով հարցերը լուծելուն։