Նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Մայր Աթոռի մէջ Մարտ 7-9 տեղի ունեցաւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստ, ուր այլ հարցերու շարքին, անդրադարձ կատարուած է Ապրիլ 2-ի Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ յստակօրէն կ՚ըսուի, թէ Ապրիլ 2-ը, «որը նաեւ նուիրական օր է մեր ժողովրդի համար Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մեր նահատակ զաւակների լոյս յիշատակով… կոչ ենք անում քուէարկել խղճի մտօք, առկայ քաղաքական տարակարծութիւնների մէջ տեղի չտալ յուզումների, առաւել եւս անհանդուրժողականութեան եւ հակառակութիւնների»։