Ռուսիոյ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան ինստիտուտի գիտական ղեկավար Վիթալի Նաումքինը Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Ռուսիան Հայաստանի անվտանգութեան «մատակարար» է եւ թոյլ չի տար, որ Հայաստանին վնասեն կամ անոր վրայ յարձակին։
Այն հարցումին, թէ ինչպէս կ՚ըլլայ, որ նոյն Ռուսիան զէնք կը վաճառէ Ատրպէյճանին, Նաումքին պատասխանած է. «Ասիկա սուր խնդիր մըն է, որ չեն ընդունիր մեր հայ գործընկերները։ Յետ-խորհրդային տարածքէն ներս Ռուսիոյ ռազմավարական գիծն է ունենալ բարեկամական յարաբերութիւններ շրջանի բոլոր պետութիւններուն հետ։ Հարցը այն չէ, որ Ռուսիոյ կարգ մը գործողութիւնները կրնան վնասել Հայաստանին, ես կը կարծեմ, որ այդ մէկը բացառուած է։ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայ ռազմատեխնիկական համագործակցութիւն, այդ մէկը ոչ մէկը կը հերքէ, սակայն, կը կարծեմ, որ զսպող գործօն է»։